Քուսէյրի Վերջին Իրադարձութիւնները Հարցականներ Կ՛առթեն Անոնց Լիբանանեան Հետեւանքներուն Գծով
Լիբանանեւսուրիական սահմանին վրայ ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող սուրիական Քուսէյր շրջանի` սուրիական բանակի հակակշիռին ենթարկուիլը որոշ հարցականներ կը ստեղծէ այդ զարգացումին լիբանանեան հետեւանքներուն գծով:
Արդարեւ, լիբանանեան սահմանէն 14 քմ հեռաւորութեան վրայ 40 հազար բնակչութիւն հաշուող այս շրջանը առանցքային դիրք ունի աշխարհագրականօրէն շրջանը միջերկրականեան ծովափին կապելու գծով: Ըստ մասնագէտներու, Քուսէյրի իրավիճակը սերտօրէն կ՛առնչուի Սուրիոյ դէպքերուն ճակատագրական կողմնորոշումին հետ` ի նպաստ սուրիական վարչակարգին:
Այս գծով դրսեւորուեցան թեր եւ դէմ կեցուածքներ, որոնք մէկ կողմէ ողջունեցին, իսկ միւս կողմէ զգուշացուցին Քուսէյրի «անկում»-ին հետեւանքներէն` լիբանանեան կացութեան վրայ:
CATEGORIES Լիբանանեան

