Պըրրի Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպումին Մասնակցած Երեսփոխաններուն Հետ Քննեց Օրուան Հրատապ Հարցերը
«Անհրաժեշտ է խտացնել խաղաղարար ճիգերը կայունութեան ամրապնդման համար», յայտնեցին երէկ խորհրդարան այցելած կարգ մը երեսփոխաններ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերագրելով իրենց խօսքերը: Արդարեւ, չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակից երեսփոխաններ երէկ Պըրրիի հետ քննարկեցին օրուան հրատապ հարցերն ու շրջանային վերջին իրադարձութիւնները: Ըստ Պըրրիի, «Պէտք է ամրապնդել երկրին ներքին ճակատը»:
CATEGORIES Լիբանանեան


