Ապահովական Արտակարգ Նիստի Մը Ընթացքին. Զօրավար Քահուաժի Զեկուցեց Թրիփոլիի Մէջ Բանակին Որդեգրած Միջոցառումներուն Մասին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գլխաւորեց ապահովական արտակարգ նիստի մը` ներկայութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Բանակի հրամանատարը այս առիթով ներկաներուն զեկուցեց Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած միջոցառումներուն եւ կիրարկած քայլերուն մասին` կայունութեան ամրապնդման համար:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման բուռն կերպով դատապարտեց երէկ հիւսիսային Լիբանանի Արսալ շրջանին դէմ սուրիական սահմանէն կատարուած հրթիռային յարձակումը: Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց յարգելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնն ու լիբանանեան շրջանները զերծ պահելու վտանգը:
CATEGORIES Լիբանանեան


