Բանակին Կիրարկած Ապահովական Քայլերու Լոյսին Տակ. Թրիփոլի Հետզհետէ Կը Վերագտնէ Իր Կայունութիւնը
Լիբանանեան բանակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ վճռած է կայունութիւնը վերահաստատել Թրիփոլիի յատկապէս բախումներու հանդիսավայր դարձած Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի շրջաններուն մէջ: Հաղորդագրութիւնը բնակիչներէն պահանջեց գործակցիլ եւ դիւրացնել բանակին առաքելութիւնը: Նմանապէս, պատկան կողմերէն պահանջեց իրենց պատասխանատուութեան վրայ գտնուիլ եւ ընդառաջել բանակի քայլերուն:
Քաղաքական շրջանակներ ողջունեցին բանակի դիրքաւորումը Թրիփոլիի մէջ` կոչ ուղղելով ապրուստի պայմանները բարելաւելու:
ԵՐԷԿ յետմիջօրէի լուրերուն համաձայն, բախումները մասնակիօրէն վերսկսած էին:
CATEGORIES Լիբանանեան


