Ուաշինկթընի Համար Ազրպէյճանական Կազի Եւրոպա Առաքման Որեւէ Տարբերակ Յարմար Է

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ուժանիւթային քաղաքականութեան հարցերով օգնականի տեղակալ Ամոս Հոչթէյն, Պաքուի մէջ «Կասպեան քարիւղ եւ կազ» միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ հաւասարապէս կ՛աջակցին ազրպէյճանական կազը Եւրոպա հասցնելու համար քննարկուող երկու ուղիներուն:

Ըստ Հոչթէյնի, Հարաւային կազային միջանցքի նախագիծը Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւն կը նկատուի: «Ազրպէյճանական կազը կրնայ եւրոպական երկիրներ մատակարարուիլ Թուրքիոյ տարածքով կամ անդրադրիական կազատարով կամ «Նապուքօ Ուեսթ» խողովակաշարով», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու որեւէ տարբերակի, զոր «Շահ Տենիզ» միջազգային ընկերութիւններու համախմբումը կ՛որդեգրէ:

Հոչթէյն աւելցուցած է, որ ազրպէյճանական կազի Եւրոպա մատակարարումը, անկախ երթուղիէն, պիտի նպաստէ ուժանիւթի շուկայի բազմազանացման եւ պիտի նուազեցնէ ուժանիւթ ներածողներու մէկ աղբիւրէ կախեալութիւնը:

Ան յոյս յայտնած է, որ հետագային այդ խողովակաշարով պիտի հոսի նաեւ հիւսիսային Իրաքի եւ թուրքմենական կազը:

Share this Article
CATEGORIES