Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը 6-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան. Ցուցարարներու Խմբակ Մը Թուրքիոյ Կառավարութեան Պահանջներ Ներկայացուց

Փոխվարչապետ Առընչի հետ հանդիպումէն պահ մը

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչ երէկ հանդիպում ունեցաւ ինքզինք Թաքսիմի զօրակցութեան բեմահարթակ կոչող խմբակի մը հետ, որ իրեն փոխանցեց պահանջներու ցանկ մը, որ կը բովանդակէր վեց կէտեր. 1) Կեզի այգին պէտք է շարունակէ մնալ այգի եւ անոր մէջ շինարարութիւնը պէտք է արգիլուի, 2) «Աթաթիւրք» մշակութային կեդրոնը պէտք չէ քանդուի, 3) բռնարարքները մագլցումի մղած ոստիկանները պէտք է հետաքննութեան ենթարկուին եւ պաշտօնազրկուին, 4) արցունքաբեր ռումբերու օգտագործումը պէտք է արգիլուի, 5) ձերբակալուած բոլոր ցուցարարները պէտք է առանց նախապայմաններու ազատ արձակուին, 6) խօսքի ազատութեան բոլոր արգելքները պէտք է ջնջուին:

Խմբակը հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «կառավարութեան առնելիք քայլերը պիտի ճշդեն դէպքերու ընթացքը»: Անոնք մերժեցին Արընչի ներումի հայցը` նշելով, որ անոր խօսքերը «քաղաքացիական պատերազմ կը յիշեցնեն»:

Երէկ հազարաւոր աշխատաւորներ միացան վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հրաժարականը պահանջող ցոյցերուն: Անոնք թմբուկներ զարնելով եւ պաստառներ բարձրացուցած քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի Թաքսիմի հրապարակ: Անգարայի մէջ նոյնպիսի քայլարշաւներ կատարեցին բժիշկները, ուսուցիչներն ու դրամատուներու պաշտօնեաները:

Երեքշաբթի-չորեքշաբթի լուսցող գիշերը ոստիկանութիւնը դարձեալ արցունքաբեր կազ արձակեց եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործեց` ցրուելու համար ցուցարարները:

Ոստիկանութիւնը Իզմիրի մէջ ձերբակալեց 25 անձեր, որոնք ամբաստանուեցան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ «ապատեղեկատուութիւն» տարածելու, «խռովարարութիւններ հրահրելու եւ քարոզարշաւ կատարելու» համար:

Պայտըն Անգարայի Կոչ Կ՛ուղղէ
Քաղաքական Հակառակորդներու
Իրաւունքները Յարգելու

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն թրքական կառավարութեան կոչ ուղղեց յարգելու իր քաղաքական հակառակորդներուն իրաւունքները: Ան Թուրք-ամերիկեան խորհուրդին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Թուրքիա առիթը ունի 2023-ին աշխարհի 10 մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկը ըլլալու, սակայն ժողովրդավարութեան ուղիէն պէտք չէ շեղի»:

Ան ըսաւ, որ «Թուրքիա առիթը ունի ցոյց տալու, որ տնտեսական յառաջդիմութեան եւ ժողովրդավարութեան միջեւ ընտրանք կատարելու կարիք չկայ»` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ ապագան միայն Թուրքիոյ ժողովուրդին վերաբերող հարց մըն է եւ ուրիշ ոչ ոքի, սակայն Միացեալ Նահանգներ ելքին նկատմամբ անտարբեր ըլլալ չեն ձեւացներ»:

Անգարայի Մէջ «Իրանի Գործակալ Մը»`
Ձերբակալուած

«Թուտէյզ Զաման» հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ բիրտ ցոյցերու հարցով Շայեան Շամլու անունով իրանցի մը ձերբակալած է: Կառավարութենէն աղբիւր մը «Թուտէյզ Զաման»-ին յայտնած է, որ Իրանի քաղաքացին ձերբակալուած է այն կասկածով, որ Անգարայի մէջ քանի մը բռնարարքներու ընթացքին գրգռիչ դերակատարութիւն ունեցած է:

Նոյն աղբիւրը յայտնած է, որ իշխանութիւնները կը կարծեն, որ Շամլու իրանեան գաղտնի սպասարկութեան հետ կապ ունի:

Իշխանութեանց մօտիկ եղող «Թուտէյզ Զաման» կը նշէ, որ ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ իրադարձութեանց հարցով երկրին տարածքին ձերբակալած է 15 օտարերկրացիներ, որոնց մեծամասնութիւնը` Իրանի քաղաքացիներ:

Միւս կողմէ, թրքական «Սէօզճիւ» պարբերաթերթը կը հաղորդէ, որ երկրին տարածքին ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ անհամաչափ ուժի օգտագործման պատճառով արձանագրուած է 2 զոհ եւ 4177 վիրաւոր, որոնցմէ 43-ին վիճակը ծանր է:

Share this Article
CATEGORIES