«Ժընեւ-2»-ը Հաւանաբար Տեղի Ունենայ Յուլիսին. Սուրիական Բանակը Քուսէյրը Իր Ամբողջական Վերահսկողութեան Տակ Առաւ
Սուրիական բանակը երէկ առաւօտեան ժամը 3:00-ին անակնկալ եւ բուռն յարձակում մը շղթայազերծելով Քուսէյր քաղաքի հիւսիսային շրջան ներխուժեց եւ ամբողջ քաղաքը առաւ իր վերահսկողութեան տակ:
Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքի յայտարարեց, որ «Քուսէյր քաղաքի ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներէն ազատագրումը ռազմավարական շրջադարձ մըն է եւ սուրիական բոլոր հողերուն վրայ իրերայաջորդ նոր յաղթանակներու դուռ կը բանայ»:
Հալքի շեշտեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը որեւէ խմբաւորման, աւազակախումբի կամ անհատի պիտի չարտօնէ պետութեան կամ ժողովուրդին դէմ զէնք վերցնել, եւ սուրիական հողերուն վրայ սուրիական բանակէն բարձր զէնք գոյութիւն չունի»:
Սուրիոյ վարչապետը բոլոր սուրիացիներուն դարձեալ կոչ ուղղեց աջակցելու ազգային երկխօսութեան երթին եւ յառաջիկային տեղի ունենալիք ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովի յաջողութեան:
Սուրիական բանակը այս առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ բանակը գթառատութեամբ պիտի վարուի Քուսէյրէն փախուստի դիմած կամ այլ շրջաններու մէջ գտնուող այն զինեալներուն հետ, որոնք իրենց զէնքերը վար կը դնեն:
Բանակը աւելցուց, որ արձանագրուած յաղթանակը «յստակ պատգամ մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին Սուրիոյ դէմ յարձակումին, նախ եւ առաջ սիոնական թշնամիին, շրջանին մէջ անոր գործակալներուն եւ գետնի վրայ անոր գործիքներուն»:
Սուրիական բանակի հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ «ահաբեկչութեան դէմ ճակատամարտը պիտի շարունակուի մինչեւ հայրենիքի հողին իւրաքանչիւր թիզին վրայ ապահովութեան, անվտանգութեան եւ կայունութեան վերականգնումը»: Բանակը Քուսէյրի բնակիչներուն կոչ ուղղեց քանի մը օրէն ապահով եւ անհոգ կերպով իրենց տուները վերադառնալու:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ «Քուսէյրի ձեռքբերումը ծանր հարուած մըն է ամերիկեան-իսրայէլեան-թաքֆիրական եռեակին եւ Սուրիոյ դարպասէն դիմադրութեան ծրագիրին ի նպաստ լուսաշող կէտ մը»` աւելցնելով, որ «կը վերահաստատենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը յանգելու մեր կոչը եւ արգելք հանդիսանալու, որ հողերու միջազգային գողերն ու անոնց հետեւորդները բռնագրաւող գոյացութեան (Իսրայէլի. «Ա.») օժանդակութեան համար մեր արաբական շրջանին մէջ ընդլայնուին: Շրջանի ժողովուրդները վճռած են իրենց հողին եւ իրաւունքին վերատիրանալ, եւ Աստուած անոնց զօրավիգ կը կանգնի»:
Ժընեւի Մէջ Ռուսիա–Միացեալ
Նահանգներ–Մակ Հանդիպում
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Ժընեւի մէջ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցական հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ «այսօր համաձայնութիւն գոյացուցինք, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը չենք կրնար այս ամիս գումարել եւ Ամերիկայի ու Ռուսիոյ հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակենք` քննարկելու համար առիթ մը, որ մեզի կ՛արտօնէ այդ խորհրդաժողովը կարելի եղածին չափ շուտ գումարել, հաւանաբար` յառաջիկայ յուլիսին»:
«Յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին մեծ ջանքով պիտի աշխատինք եւ 25 յունիսին Ժընեւի մէջ դարձեալ պիտի հանդիպինք», ըսաւ Իպրահիմի` աւելցնելով, որ «Ժընեւ-2»-ը սուրիական կողմերու բացակայութեան չի կրնար գումարուիլ, եւ այդ կողմերու պատուիրակութիւնները տակաւին չեն կազմուած»:
Ան նշեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ խորհրդաժողովը պիտի գումարուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հովանաւորութեամբ` նշելով, որ «Ռուսիա եւ Ամերիկա, որոնք այս խորհրդաժողովին հրաւէրը ուղղեցին, այս ընթացքին մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղան»:
Իպրահիմի ընդգծեց, որ խորհրդաժողովին նպատակը կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ «Ժընեւ-1»-ի հաղորդագրութեան ամբողջական գործադրութեան ճամբով Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումի մը հասնելու համար համաձայնութեան գոյացումն է:
Ան նշեց, որ «Ժընեւ-2»-ին նախ եւ առաջ ոչ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ սուրիական կողմերու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ երկօրեայ ժողով մը պիտի գումարուի, որմէ ետք սուրիական կողմերուն միջեւ տեղի պիտի ունենան բանակցութիւններ, «որոնց դիւրացման համար աշխատանք պիտի տանիմ ես»:
Իպրահիմի ըսաւ, որ այս հոլովոյթին ընթացքին ինք մեծապէս պիտի վստահի ռուսական եւ ամերիկեան աջակցութեան:
Ուաշինկթըն. «Վստահ Չենք, Թէ «Էս-300»
Հրթիռներու Մատակարարման
Համաձայնութիւնը Գործադրուած Չէ»
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտարարեց, որ «հակառակ Ռուսիոյ նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին վերջին հաստատումներուն, Միացեալ Նահանգներ մինչեւ հիմա վստահ չեն, թէ Ռուսիա Սուրիոյ հետ «Էս-300» հրթիռներու մատակարարման համաձայնութիւնը չէ գործադրած»:
«Եթէ այդ լուրերը ճիշդ են եւ հաստատուին, ապա մենք անշուշտ ուրախ պիտի ըլլանք այդ հրթիռներուն չփոխանցուելուն համար, սակայն այդ առումով հաստատ տեղեկութիւններ չստացանք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին փոխանցած է իր եւ Ուաշինկթընի դաշնակիցներուն խոր մտահոգութիւնը այդ մատակարարման ժխտական ազդեցութեան եւ յառաջդիմութիւնը արգելակող ամէն բանի նկատմամբ»:

