Միացեալ Նահանգներ Պատահաբար Բացայայտած Են Իսրայէլի Մէջ Կառուցուելիք Ռազմակայանին Մասին Տեղեկութիւնները
«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը` հրապարակելով մատակարարներուն ուղղուած կառուցման յայտնի հարցումները, բացայայտած է Իսրայէլի մէջ հրթիռային պաշտպանութեան գաղտնի ռազմակայանի կառուցման մանրամասնութիւնները:
Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցած էր հեռահար հրթիռներէ պաշտպանուելու համար նախատեսուած «Արօ-3» համակարգը ստեղծելու ծրագիրը, որմէ ետք մատակարարները ներգրաւելու համար Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած էր 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ նախագիծի իրականացման մանրամասնութիւնները:
«Ռաշա Թուտէյ» կը նշէ, որ Իսրայէլի զինուորականները այդ դէպքէն ետք «ցնցուած են»:
CATEGORIES Միջազգային

