«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հանդիպումը` Հայկական Դպրոցներու Եւ Կազմակերպութիւններու Տնօրէններուն Հետ

Երկար տարիներէ ի վեր` մեկնելով մանուկներուն ու պատանիներուն առողջութիւնը իր ուշադրութեան կիզակէտը դարձնելու առաքելութենէն, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւնը գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ հայկական վարժարաններուն մէջ, ուր տարբեր տեսակի քննութիւններ կը կատարէ: 2012 թուականէն սկսեալ, սակայն, աշխատանքի ձեւի որոշ փոփոխութիւն կատարուեցաւ այս գործունէութեան մէջ: Փոխանակ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ եւ տարբեր օրերու դպրոցներ այցելելու, հաստատութիւնը որոշում տուաւ` համապատասխան դպրոցներու տնօրէնութիւններուն հետ խորհրդակցաբար, դպրոցական տարեշրջանին ընթացքին օր մը յատկացնել իւրաքանչիւր վարժարանի` «Առողջ ապրելակերպի օր» խորագիրին տակ:

2012-2013 դպրոցական տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով այս գործելաոճը որդեգրուեցաւ: «Դպրոցական առողջապահական բաժանմունք»-ին տարած այս գործունէութեան արդիւնքներուն ու վիճակագրական արդիւնքներուն մասին վարժարաններու եւ կազմակերպութիւններու տնօրէնները իրազեկ դարձնելու նպատակով, երէկ` չորեքշաբթի, 5 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը:

Սերոբ Օհանեան

Այս առիթով խօսք առաւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, որ դիտել տուաւ, թէ իբրեւ մանկախնամ կեդրոն, հաստատութիւնը իր սահմաններուն մէջ կը կատարէ իր ծառայութիւնը` հոգալով մանուկներուն մտային, ֆիզիքական, հոգեկան եւ ընկերային կարիքները, որպէսզի կարելի ըլլայ պատրաստել վաղուան առողջ հայ պատանին, ապա` երիտասարդը:

2012-2013 տարեշրջանին կատարուած գործունէութեան տուեալները ներկայացնելով` Ս. Օհանեան ըսաւ.

«Այս տարեշրջանին մենք Պէյրութի մէջ այցելեցինք 26 հայկական վարժարաններ եւ կատարեցինք 3443 աշակերտներու մարմնի ընդհանուր քննութիւն, 3701 աշակերտներու աչքի եւ 3784 աշակերտներու ակռայի քննութիւն: Իսկ Այնճարի մէջ 3 հայկական վարժարաններու մէջ կատարեցինք 562 աշակերտներու մարմնի, աչքի եւ ակռայի քննութիւնները:

«Ասոնց կողքին Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը, գործակցաբար Համաշխարհային նախարարութիւնը, գործակցաբար Համաշխարհային առողջապահական կազմակերպութեան եւ ՄԱԿ-ի մօտ մանուկներու յատուկ կազմակերպութեան հետ (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) 18 մարտէն 13 ապրիլին կազմակերպեց Լիբանանի տարածքին ապրող մանուկներու պատուաստումի արշաւ մը` կանխարգիլելու ամրան ընթացքին նախատեսուող մանուկներու անդամալուծութեան եւ հարսանէթի ժահրի փոխանցումը:

«Հաստատութիւնս կրկին անգամ այցելեց հայկական 21 վարժարաններ եւ 3-18 տարեկան 3854 աշակերտներ ստացան հետեւեալ պատուաստները:

ա.- Մանուկներու անդամալուծութեան պատուաստ-փոլիօ (կաթիլ):
բ.- Հարսանէթի պատուաստ (սրսկումով):
գ.- Կենսանիւթ Ա. (կաթիլ):

Ասոնց կողքին հաստատութեան մէջ 580 երեխաներ ստացան նոյն պատուաստները, հետեւաբար ընդհանուր պատուաստուողներուն թիւը հասաւ 4434-ի»:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէններուն եւ պատասխանատուներուն` իրենց գործակցութեան եւ ներկայութեան համար, որովհետեւ այսպիսով կարելի եղաւ հաւաքական գործունէութեան գրաւականը յաջողութեան վերածել` ի խնդիր հայ մանուկներուն առողջ ապագային:

Վեր. Ռոպեր Սարգիսեան

Ապա խօսք առաւ հաստատութեան նախկին տնօրէն վեր. Ռոպեր Սարգիսեան, որ յատուկ կերպով անդրադարձաւ այն գոհունակութեան, զոր կարելի կ՛ըլլայ փոխանցել տարուած գործունէութեան ճամբով: Ան խօսեցաւ այն ժամանակաշրջանին մասին, երբ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը սկսաւ գործել, երբ տարբեր տեսակի մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման էր, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ որբանոցներուն մէջ համախմբուած հայորդիները կարիք ունէին անմիջական խնամքի ու օժանդակութեան:

Ռ. Սարգիսեան դիտել տուաւ, որ յաջորդ հանգրուանը եղաւ գործունէութիւն տանիլ նաեւ դպրոցներուն մէջ, ուր կան հայութեան մատղաշ սերունդները. այդ պատճառով ալ մշակուեցան եւ գործադրուեցան դպրոցական առողջապահական ծրագիրներ` թիրախ ունենալով հետեւիլ հայ մանուկին առողջութեան: Ան նշեց, որ արդէն իսկ բաւական դրական  եւ օգտաշատ արդիւնքներ կարելի եղած է արձանագրել այս աշխատանքին ճամբով:

Ապա կրկին բեմ բարձրացաւ Սերոբ Օհանեան, որ շօշափելի թիւերով ու տուեալներով անդրադարձաւ նախորդ տարեշրջանի գործունէութեան:

Գեղամ արք. Խաչերեանան

Տոքթ. Ուալթըր Պանտազեան

Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Նիւ Եորքի «Գարակէօզեան» հաստատութեան ընդհանուր գործադիր տնօրէն տոքթ. Ուալթըր Պանտազեան, որ մեծապէս ողջունեց տարուած աշխատանքը` հաստատելով, որ «Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի կառոյցը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ ինքնին լիբանանահայ գաղութը մեծ դեր ունի սփիւռքահայ կեանքին մէջ:

Ու. Պանտազեան վստահեցուց, որ իրենք միշտ նեցուկ եւ օժանդակ  պիտի ըլլան «Գարակէօզեան» հաստատութեան Լիբանանի կառոյցին, որպէսզի անիկա շարունակէ իր գործունէութիւնը: 

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ յայտնեց, թէ «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը ծաւալուն եւ հսկայական աշխատանք կը տանի, լրջութեամբ եւ հետեւողական կերպով կը շարունակէ իր նախնիներուն սկսած գործը` մնայուն կերպով դրական արդիւնքներ արձանագրելով: Այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ առողջ սերունդներու կազմաւորման կարեւորութիւնը` նշելով, որ այս առաքելութեան լծուած է «Գարակէօզեան» հաստատութիւնը: 

Աւարտին ներկաներուն բաժնուեցաւ հաստատութեան տարեգիրքն ու «Բարեւ» պարբերաթերթը: Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES