Վարդան Օսկանեան Այցելեց «Ազդակ»
Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան ու խմբագրակազմին հետ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր Վարդան Օսկանեան:
Օսկանեան բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի կատարած աշխատանքը հայկական աշխարհի վերաբերող լրատուութիւններն ու մեկնաբանութիւնները առարկայական, հաւասարակշռուած եւ արագ ու արհեստավարժ կատարելու առումով: «Ազդակ» հայ մամուլի ներկայ պատկերին մէջ գրաւած է գագաթի դիրքը, հաստատեց Օսկանեան:
Այնուհետեւ, զրոյցը կեդրոնացաւ յատկապէս շրջանային խնդիրներուն եւ անոնց ուղղութեամբ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն վրայ:
CATEGORIES Գաղութային

