«Գորիսի Միջադէպը Անպատժելիութեան Եւ Անպատասխանատու Վերաբերմունքի Հետեւանք Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան երէկ ընդգծեց, որ Գորիսի միջադէպը անպատժելիութեան, անպատասխանատու վերաբերմունքի, անհանդուրժողականութեան հետեւանք է: Արծուիկ Մինասեան դժուարացաւ գնահատել Սիւնիքի մարզպետին պահուածքը եւ նշեց, որ իրեն համար աւելի տարօրինակ է անոր կողմէ մարզպետի լիազօրութիւններու ժամանակաւոր դադրեցումը մինչեւ նախաքննութեան աւարտը:
«Ասիկա ոչ միայն հակասահմանադրական է, այլ նաեւ ցոյց կու տայ, որ մարդը ինքզինք աւելի վեր կը դասէ, քան երկրին կառավարութիւնը եւ նախագահը: Որեւէ մէկը անոր այդպիսի իրաւասութիւն չէ տուած, որ ինք որոշէ, թէ մինչեւ երբ կ՛աշխատի կամ մինչեւ երբ ժամանակաւորապէս կ՛աշխատի: Այդպիսի յայտարարութիւններէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը ինք պէտք է նախաձեռնէ պաշտօնանկ ընելու հոլովոյթը, որովհետեւ ասիկա յստակ արհամարհանք է մեր պետութեան, օրէնսդրական ամբողջ համակարգին նկատմամբ», յայտարարեց Մինասեան:
Դաշնակցական պատգամաւորը կէս կատակ-կէս լուրջ նշեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները բաւական չէ, որ նախապայման չեն տեսներ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ, հիմա ալ չեն տեսներ կամ պիտի չտեսնեն Սիւնիքի մարզպետին յայտարարութեան մէջ:
Մինասեան կարծիք յայտնեց, որ այս յայտարարութեամբ Սիւնիքի մարզպետը տեղ ձգած է, որ յետոյ ինքնիրեն իրաւունք վերապահէ վերադառնալու մարզպետին պաշտօնին: Ըստ Մինասեանի ամէն ինչ այս պարագային կախեալ է հասարակական արձագանգէն:


