Ուաշինկթընի Մէջ. Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Քերրիի Հետ
Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ:
Ողջունելով Նալբանդեանը` Քերրի նշեց, որ ըլլալով Մասաչուսեթս նահանգէն, ուր գոյութիւն ունի հայկական մեծ համայնք, լաւ ծանօթ է Հայաստանի առջեւ դրուած խնդիրներուն: Ըստ Քերրիի, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ գործընկեր են տարբեր նախաձեռնութիւններու մէջ: Հայաստան իր նպաստը կը բերէ Աֆղանիստանի մէջ անվտանգութեան ապահովման ուժերուն եւ կարեւոր դեր կը կատարէ Քոսովոյի մէջ խաղաղութեան ապահովման գործին մէջ:
«Մենք կարեւոր կը նկատենք երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը, ժողովրդավարութեան ամրապնդումը եւ բարեկամ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը», ընդգծեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` նախարար Նալբանդեան յայտնեց, որ ինք ուրախ է Ուաշինկթըն գտնուելով եւ հանդիպում ունենալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Քերրիի հետ` քննարկելու Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բարեկամական գործընկերութիւնը ամրապնդելու ուղիները:
Արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ փոխադարձ գործակցութիւն հաստատած են միջազգային բեմահարթակին վրայ, ներառեալ` տարբեր մարզերու մէջ, ինչպէս` շրջանային եւ միջազգային ապահովութիւնը, զանգուածային ոչնչացման զէնքերու տարածման կասեցումը, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը եւ խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցութիւնը` Քոսովոյէն մինչեւ Աֆղանիստան, ինչպէս նաեւ այլ համաշխարհային մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: Ըստ Նալբանդեանի, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ միակարծիք են, որ անհրաժեշտ է ջանքերը շարունակել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման նպատակով` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն եւ չափանիշներուն հիման վրայ, մասնաւորաբար ուժ կամ ուժի սպառնալիք չօգտագործելու, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան: Երկու երկիրները նաեւ միակարծիք են, որ Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւնները պէտք է կարգաւորուին առանց նախապայմաններու: Նախարարը աւելցուց, որ երկու կողմերը կը կիսեն ժողովրդավարութեան, հիմնարար ազատութիւններու, մարդկային իրաւունքներու եւ շուկայական տնտեսութեան տեսլականը:
«Նախորդ քսան տարիներուն ընթացքին` մեր անկախութենէն ի վեր, Միացեալ Նահանգներ կարեւոր աջակցութիւն ցուցաբերած են Հայաստանին եւ մենք շնորհակալ ենք անոր համար: Ես կը ցանկամ օգտագործել այս կարելիութիւնը, որպէսզի արտայայտեմ մեր երախտագիտութիւնը նախագահ Օպամայի վարչակազմին` հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար: Մեր յարաբերութիւնները այսօր կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ, եւ վստահ եմ, որ միասնական ջանքերու շնորհիւ մենք պիտի կարենանք նոր բարձունքներու հասցնել փոխադարձ գործակցութիւնը: Մեր երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող փոխադարձ վստահութիւնը եւ փոխադարձ ըմբռնումը ատիկա ընդլայնելու լաւագոյն երաշխիքն է», ընդգծեց նախարար Նալբանդեան:
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու տարբեր մարզերուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր, տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները եւ այդ նպատակով իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը: Անոնք անդրադարձան նաեւ երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն, կարեւոր նկատեցին մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբը եւ «Հազարամեակի մարտահրաւէր» ծրագիրի գործունէութեան վերսկսումը Հայաստանի մէջ:
Ճոն Քերրի վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու յանձնառութիւնը շարունակել աջակցութիւնը Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերեալ: Քերրի ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, պիտի շարունակեն իրենց ամբողջական աջակցութիւնը տագնապի կողմերուն միջեւ համաձայնութեան ձեռք բերման եւ տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով, ինչ որ նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ Հարաւային Կովկասի շրջանի զարգացման, կայունացման եւ ապահովութեան ամրապնդման համար:
Ընդունելով Հայաստան այցելելու հրաւէրը` Ճոն Քերրի տեղեկացուց, որ ցանկութիւն ունի այդ այցելութիւնը իրականացնել այս տարուան ընթացքին:


