Ըստ «Թրենտ» Լրատու Գործակալութեան. Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Կողմերը Սարգսեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացուցած Են
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Եան Քելիի գրասենեակի տուեալները, կը հաղորդէ, որ «հայ-ազրպէյճանական Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերը նախագահներու մակարդակով հանդիպում կատարելու հարցին վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացուցած են»:
Ամերիկացի համանախագահի գրասենեակէն «Թրենտ»-ի թղթակիցին յայտնած են նաեւ, որ Սերժ Սարգսեան-Իլհամ Ալիեւ հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ աշխատանք կը տանին:
«Կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են ամէնէն բարձր մակարդակով հանդիպում կատարելու հարցին վերաբերեալ: Համանախագահները պիտի շարունակեն միացեալ աշխատանքը Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ` հանդիպումը նախապատրաստելու համար», նշած են գրասենեակէն:

