Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ինչ գործ որ կատարէք, լաւ մտածեցէք եւ ետքը սկսեցէք իրագործման: Ձեր հանդարտութիւնը պիտի օգնէ աշխատանքին յաջող ընթացքին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թէեւ խճողուած օրեր ունիք, այսուհանդերձ գոհունակութեամբ պիտի դիմաւորէք ձեզի առաջարկուած պարտականութիւնը, առանց դժկամակելու:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը ունի հաճելի եւ պատասխանատուութեան մթնոլորտի մէջ անցուդարձ: Ձեր յոգնութիւնը պիտի ունենայ նաեւ գոհունակութեան տրամադրութիւն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ աշխատանքային դանդաղ ընթացք մը ունենաք, մի՛ մտահոգուիք: Այսպիսով լաւ առիթ մը կ՛ունենաք նուազ յոգնելու: Օրը ունի ուրախալի պատահարներ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մանր մունր հարցերը երբեմն խոշորացոյցով կը դիտէք: Համբերութիւնը կեանք է` կ՛ըսեն: Այսօր պէտք է հետեւիք այս իմաստութեան, գոհ կը մնաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ծրագիրներուն յաջող գործադրութեան օգտակար պիտի ըլլայ անձ մը, հետեւաբար մնացէք ապահով տրամադրութեամբ` ձեր նպատակին հասնելու իմաստով:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ունիք աշխատանքով լեցուն օրեր, ջանացէք դասաւորել աշխատանքը` առաջնահերթութիւնը տալով կարեւորագոյն գործին: Օրը յաջող է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պտոյտի մը մասնակցելու հրաւէր մը պիտի ստանաք, մի՛ մերժէք: Դուրս ելէք առօրեայի միօրինակ կեանքէն, հետեւեցէք օրուան ստեղծած նորութեան:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ կասկածիք ձեր շուրջը կատարուող կարգադրութիւններէն, միացէք ձեր գործակիցներուն, անոնց տուէք ձեր կարծիքը: Միասնաբար պիտի յաջողիք կարեւոր հարցեր իրագործելու:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած նամակներուն կամ հրաւէրին: Հեռու մի՛ մնաք ընկերային եւ բարեկամական հաղորդակցութիւններէ: Փոխեցէք ձեր առօրեայ կեանքին ձեւը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի հրաւիրուիք մշակութային նախաձեռնութեան մը մասնակցելու: Ձեր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը շատ պիտի գնահատուի: Վայելեցէք այս ուրախ օրը` լայնախոհութեամբ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դրամատնային հարցով մը պէտք է խորհրդակցիք անձի մը կամ դրամատնային պատասխանատուի մը հետ: Մուրհակներու վճարումները կատարեցէք ճիշդ ժամանակին, որպէսզի հաշիւը չբարդուի:

Share this Article
CATEGORIES