50 Տարի Առաջ (8 Յունիս 1963)

Մայիս 28-ի
Շքեղ Տօնակատարութիւնը Այնճարի Մէջ

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Հայաստանի անկախութեան 45-րդ տարեդարձի ցնծատօնը փառաշուք կերպով տօնակատարուեցաւ յունիս 2-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Ազգ. «Յառաջ» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ: Սրահը լեցուն էր բերնէ բերան:

Հայ արիները, գայլիկներ, արծուիկներն ու կակուղ թաթիկները, կարգապահ շարքերով, դրօշակներն ի ձեռին, մեկնեցան Դաշնակցութեան ակումբէն, հասան հանդիսավայր ու գրաւեցին իրենց տեղերը: Զոյգ մը արիներ ու զոյգ մը արծուիկներ, մինչեւ տօնակատարութեան աւարտումը, պատուոյ բարեւի կեցան բեմի երկու կողերուն վրայ:

Բեմը զարդարուած էր դրօշակներով եւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծադիր զինանշանով:

Կը նախագահէր Թ. Հապէշեան: Հանդիսութիւնը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով ու «Մշակ բանուոր»-ով, զորս երգեց «Յառաջ» վարժարանի երգչախումբը, ինչպէս` բոլոր երգերը: Ղեկավար` Սարգիս Փանոսեան:

Տօնակատարութիւնը բացուած յայտարարելով` նախագահը բացատրեց, թէ` ինչո՛ւ համար ամէն տարի անխախտօրէն, իբրեւ իրաւ հայեր, կը տօնենք մայիս 28-ը: Կը տօնենք, ըսաւ, անոր համար, որ մեր դարաւոր երազներու իրականացումը մարմնաւորող մեծագոյն տօնն է: Կը տօնենք անոր համար, որ այդ օրուան մէջ խորտակուեցան հայ ազգը կաշկանդող ծանր շղթաները, ու հայոց ժողովուրդը անկորնչելի, տիրացաւ իր լիակատար անկախութեան: Անկախութեան անխորտակելի հիմնաքարը, որ մեր բիւրաւոր նահատակներու թափած արեան շաղախովը պողպատուեցաւ, այսօր եւ միշտ պողպատուած պիտի մնայ մէն մի հայու սրտին մէջ, ուր որ ալ գտնուի:

Ապա հրաւիրեց հանդիսականները, որ պահ մը յոտնկայս յարգեն յիշատակը Հայաստանի ազատամարտերուն մէջ ինկած դիւցազուններուն:

Արտասանեց պատանի Մովսէս Ճամպազեան Սիամանթոյի «Գաղափարին»-ը: Երգուեցաւ «Բամբ որոտան»-ը` քառաձայն: Արտասանեց պատանի Հրաչ Քենտիրճեան` Ռուբէն Զարդարեանի «Բագինին փառաբանութիւնը»:

Որմէ ետք, ծափողջոյններու ընդմէջէն, նախագահին կողմէ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը` Արմէն Տօնոյեան, որ կրցաւ մինչեւ վերջ հանդիսականները կապուած պահել բեմին:

Բանախօսը նախ ծանրացաւ այն բոլոր պայմաններուն վրայ, աննպաստ եւ նպաստաւոր, որոնց մէջ կը գտնուէր հայ ժողովուրդը սահմաններու երկու կողմերը, 1915 թուականին: Լայնօրէն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ տեղի ունեցաւ հայկական մեծ եղեռնապատումը, որուն մէկ միլիոն հայեր զոհ գացին: Սակայն մեր դահիճները չկրցան իրագործել իրենց զազրելի ծրագիրները: Թէեւ հայը ֆիզիքապէս տուժեց, բայց հայկական ոգին մնաց անմահ…

Յետոյ խօսեցաւ Ուրֆայի, Վանի, Մուսա Տաղի, Շապին Գարահիսարի եւ հայկական այլ եւ այլ շրջաններու մէջ մղուած հերոսամարտերու մասին, որոնք տեղի ունեցած էին ցոյց տալու համար անարգ թշնամիին, որ հայն ալ գիտէ դիւցազնօրէն մարտնչիլ իրենց դէմ` իր պատիւը, կեանքն ու ինչքը տղամարդու պէս պաշտպանելու համար:

Ապա շեշտը դրաւ հայկական կամաւորական գունդերու կազմութեան վրայ` ըսելով, թէ հայ կամաւորներն էին, որ նախապատրաստեցին ու յարդարեցին այն սրբազան ճանապարհը, որ պիտի փութացնէր հայոց աշխարհի վարդակարմիր արշալոյսին ծագումը:

Դրուատիքն ըրաւ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ այլ վայրերու մէջ մղուած օրհասական ճակատամարտերուն, պատմականն ըրաւ անկախութեան համար մղուած բոլոր գոյամարտերուն` փառաբանելով յիշատակը այն բոլոր հերոսներուն, ծանօթ եւ անծանօթ, որոնք իրենց երիտասարդի կեանքը ի սպաս դրած էին հայրենիքի փրկութեան զոհասեղանին վրայ:

Ի վերջոյ եզրակացնելով` ըսաւ, թէ Եղիշէ Չարենց, հայ մեծատաղանդ բանաստեղծը, ունի երկարաշունչ քերթուած մը, «Սարդի ոստայնը» վերնագրով, ուր Չարենց ՀՅ Դաշնակցութիւնը նմանցուցած է սարդի ոստայնի մը, որ իր թելերը տարածած է Հայաստանի եւ արտահայաստանի բովանդակ տարածքին վրայ: Սարդը, որուն հոգիին մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած է հայկական ոգին, ՀՅ Դաշնակցութեան գերագոյն մարմինն է: Գերագոյն մարմինը` Հայաստանի ոգին, իր հրահանգները այդ թելերուն միջոցով, օրը օրին կը հասցնէ իր մարմիններուն` սփիւռս աշխարհի, պատրաստելով զանոնք գալիքին լուսապայծառ ու լուսատու:

Երգուեցաւ խմբերգ մը` «Իմ հեռաւոր հայրենիք», երաժշտութիւն` Գուրգէն Ալէմշահի: Արտասանեց պատանի Կիրակոս Խօշեան` Յովհաննէս Շիրազի «Ամենայն սրտով»-ը: Մեներգեց պատանի Մովսէս Փանոսեան` «Հայաստանի հողին վրայ» երգը: Բոլորն ալ ծափեր խլեցին հանդիսականներէն:

Փակման խօսքը տրուեցաւ Նարեկ քհնյ. Շրիգեանին, որ գովքն հիւսեց հայ մարտական մեծ կազմակերպութեան` ՀՅ Դաշնակցութեան, որ 1918 թուականին կրցած էր իրագործել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազը` ստեղծելով ազատ եւ անկախ պետականութիւն: Մայիս 28-ը, ըսաւ, կորիզն է արդի Հայաստանին: Եթէ այդ կորիզը չըլլար, այսօրուան Հայաստանը գոյութիւն չէր ունենար:

Յ. Գ. ՊՈՒՐՍԱԼԵԱՆ

 Այնճար

Share this Article
CATEGORIES