Ինչպէ՞ս Է Օդը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Երկրագունդին կեդրոնը շատ տաք կ՛ընէ: Գիտնականները վերջապէս կրցած են գտնել երկրագունդին կորիզին մէջի ջերմաստիճանը:

Գիտէի՞ք, թէ մենք որքան երկրագունդին մէջ մխրճուինք, այնքան օդը կը տաքնայ:

Սակայն ջերմաստիճանը որքա՞ն կ՛ըլլայ, երբ մենք կը հասնինք երկրին կեդրոնը` անոր կորիզին մէջ: Գիտնականները մինչեւ այսօր չէին յաջողած այս հարցումին ճշգրիտ պատասխան գտնել:

Կարգ մը գիտնականներ նոյնիսկ մտածած էին մինչեւ երկրին կորիզը գետինը փորել այս գաղտնիքը լուսաբանելու համար:

***

Ֆրանսացի գիտնականներու խումբ մը կրցած է պատասխան մը ստանալ շնորհիւ x ճառագայթներուն:

Այս ճառագայթներուն միջոցով անոնք տաքցուցած են երկաթի մանր հատիկներ` վերստեղծելով երկրին կորիզին մէջ գոյութիւն ունեցող մօտ պայմանները: Այս ձեւով անոնք կրցած են բնորոշել, թէ երկրին կեդրոնը, ըստ խորութեան, ջերմաստիճանը հաւանաբար 3800-5500 աստիճան է:

Այս տաքութեան աստիճանները աներեւակայելի են, սակայն նոյն ատեն անոնք շատ կարեւոր են երկրագունդին վրայ կեանքի գոյութեան համար:

ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ

Երկրագունդին «կեղեւը» կազմուած է ժայռի կտորներէ: Ան ձեւով մը երկրագունդին «պատեանն»է: Ցամաքամասային կեղեւը կը կազմէ ցամաքները: Ան մօտաւորապէս 30 քմ հաստութիւն ունի: Ովկիանոսային կեղեւը կը կազմէ ովկիանոսներուն խորերը: Ան աւելի բարակ է, ունի 5-7 քմ հաստութիւն:

Վերին վերարկուն կը գտնուի դէպի երկրին կեդրոնը կէս ճամբուն մակարդակին վրայ: Ան կազմուած է բիւրեղացած եւ հալած ժայռերու խառնուրդէ մը: Հոն ջերմաստիճանը 1500-2000 աստիճան է:

Վարին վերարկուն կազմուած է հաստատուն ժայռերէ: Տաքութիւնը հոն կրնայ հասնիլ 3000 աստիճանի:

Արտաքին կորիզը երկրագունդին մէջը գտնուող միակ ամբողջովին հեղուկ խաւն է: Ան կազմուած է գլխաւորաբար երկաթէ:

Ներքին կորիզը կրակէ խիտ գունդ մըն է եւ կը գտնուի երկրագունդին կեդրոնը` 6370 քմ խորութեան: Հոն ջերմաստիճանը այնքան բարձր է, որ երկաթը ամբողջովին հեղուկ վիճակի մէջ պէտք է ըլլայ: Սակայն ճնշումի ուժը այնքան զօրաւոր է , որ ան հաստատուն կը դառնայ: Այս կորիզին մեծութիւնը ունի լուսինին չափը:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

Գոյութիւն ունի արծիւի տեսակ մը` ճաղատ արծիւը, որ կրնայ լողալ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Անգլիոյ Ուէյլզ շրջանին մէջ կարելի է մասնակցիլ ջուրին տակը տեղի ունեցող լեռնային հեծելարշաւի մը:

 

Ֆինլանտացի մարդ մը գրած է վէպ մը` կազմուած 1000 «Էս. Էմ. Էս» կարճ նամակներով:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Կարելի է կօշիկները փայլեցնել` պանանի կեղեւ մը գործածելով:
  • Անթարքթիքան անապատ մըն է:
  • Լեհաստանի մէջ կարգ մը գիւղեր շատ աւելի արագիլ ունին, քան մարդկային բնակիչ:

Մանուկներուն մատներուն հետքերը շատ աւելի արագ կ՛անհետանան մակերեսներուն վրայէն, քան` չափահասներունը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Քանատայի մէջ մարդ մը միաժամանակ 17 դգալ հաւասարակշռութեամբ կրնայ պահել իր դէմքին վրայ:
  • Հնդկաստանի մէջ ընկերութիւն մը շինեց 17,7 մեթր լայնութեամբ վարտիք մը, որ աւելի լայն էր, քան` երեք մեծ «Սի. իւ. վի.» ինքնաշարժներ:
  • Մրջիւնները երկրագունդին վրայ ապրած են մօտաւորապէս 140 միլիոն տարիներէ ի վեր:
  • Մեզի ծանօթ ամէնէն ծեր շոճին 4.700 տարեկան է:
  • Աշխարհի ամէնէն սուղ կարգ մը քարեր եկած են լուսինէն:

Ընձուղտը նոյնքան վիզի ոսկոր ունի, որքան` մարդ արարածը, եօթը:

  •  Շուները կը հեւան մինչեւ 300 անգամ մէկ վայրկեանին մէջ:

 

Հետաքրքրական 

  • Աստղագէտները կ՛ենթադրեն, թէ պարզ աչքով մենք կրնանք տեսնել մօտաւորապէս 6000 աստղ երկնքին վրայ:
  • Նախորդ տարի 105 տարեկան շուէտացի Աննա Էրիքսըն կը ստանայ տարօրինակ նամակ մը, ուր իրեն կը տեղեկացնէին, թէ ան ընդունուած է մանկապարտէզ: Դպրոցին տնօրէնուհին այս նամակը ղրկած էր բոլոր այն անձերուն, որոնք ծնած էին 07-ին: Սակայն Աննա ծնած է 1907-ին եւ ոչ 2007-ին:
  • 12 նոյեմբեր 2012-ին, Լոնտոնէն 28 երիտասարդուհիներ ինքնաշարժի մը մէջ խռնուած են: Անոնք ձուկերու նման սեղմուած արձանագրած են նոր մրցանիշ մը` ինքնաշարժի մը մէջ ամէնէն աւելի մեծ թիւով ճամբորդներու:
  • 2012 թուականին չինացի գիտնականներ կրցած են յառաջացնել բանջարեղէններ, որոնք կրնան աճիլ լուսինին եւ հրատ մոլորակին վրայ: Անոնց շնորհիւ, ապագայի աստղանաւորդները պիտի կարենան թարմ բանջարեղէններ ուտել:
  • Արծիւին կտուցը կոր է: Այս ձեւով ան կրնայ իր որսերը լաւ կտրել զանոնք կլլելէ ետք:
  • Մեքսիքացի ջութակահար Ամիլքար Մոնթէրօ Աքափուլքոյի (Մեքսիք) աղքատ թաղամասերուն մանուկներուն մասնակցութեամբ նուագախումբ մը կազմած է: Այդ խումբին 320 երաժիշտները 8-էն 18 տարեկան են: Երաժշտութեան շնորհիւ, անոնք կրնան խուսափիլ իրենց շատ վատ միջավայրէն:
  • Սոլար Իմփալս օդանաւը առանց որեւէ հարցի հասած է Միացեալ Նահանգներ արեւմուտքէն արեւելքի իր ճամբորդութեան առաջին դադարին: Ան դարձեալ թռիչք պիտի առնէ տասնեակ օրեր ետք` մնացած չորս հանգրուանները կտրելու համար: Այս օդանաւը կը բանի շնորհիւ արեւու ուժին:
  • Ուաշինկթըն նահանգի (Միացեալ Նահանգներ) Պելինկհամ Քրիսթիան Սքուլի նախակրթարանի աշակերտները անակնկալօրէն ազատ օր մը ունեցան… որովհետեւ օդը շատ պայծառ էր: Աշակերտները եւ ուսուցիչները այս լուրը կարդացին իրենց դպրոցի կայքէջին վրայ: Այդ նամակին մէջ տնօրէնը անոնցմէ կը խնդրէր գծել այս պայծառ օրուան ամէնէն գեղեցիկ պատկերները: Ամէնէն գեղեցիկները ցուցադրուեցան:
  • Դարձեալ Պարպիին լուրերէն… Այս անգամ լուրը կու գայ Պերլինէն, Գերմանիա: Հոն 16 մայիսին իր դռները բացաւ իսկական չափերով շինուած Պարպիին տունը: Ան ամբողջովին վարդագոյն է, եւ առիթը պիտի տայ աղջնակներուն ամբողջովին մխրճուելու նշանաւոր պուպրիկին մթնոլորտին մէջ:
    Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ անոր հագուստներու սենեակի այցելութիւն, կեղծ կարկանդակներու պատրաստութիւն, դիմայարդարում, քարաօքէ, հագուստներու տողանցք… Արդեօք իսկապէ՞ս ասիկա բոլոր աղջնակներուն «երազական տունն» է: Վստահ ոչ:

 

Ժամանց 

Կրնա՞ս գտնել գնդակին հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել մոլորակին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պզտիկ տղուն համապատասխանող շուքը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES