«Մա՜յր Իմ Թանկագին,Մա՜յր Իմ Կարօտակէզ»

ԱԶՆԻՒ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ¬ԼԵՊԼԵՊՃԵԱՆ

«Դուն` հրեշտակ` մարդոց մէջէն, մարմնաւոր տեսքով քերովբէ, երկնաւոր թագուհի. օդին պէս` անխառն, լոյսին պէս` մաքուր, անշաղախ` երկինքի բարձրութեան վրայ երեւցող արեւին նման, գերազանց` քան [Աստուծոյ] բնակարան անկոխելի սրբարանը, Դուն` խոստացուած երանական վայրը` շնչաւոր Եդեմը, [որուն մէջ յայտնուեցաւ] անմահ Կեանքի Ծառը` բոցեղէն սուրով շրջապատուած» (Գրիգոր Նարեկացի):

Քրիստոնէական գրականութեան մէջ եկեղեցւոյ հայրերը բանաստեղծական ամէնէն գեղեցիկ կտորները` բարձր գաղափարականի մը նուիրուած սրտագրաւ հատուածներ ձօնած են Ս. Կոյսին: Անոնք Սուրբ Աստուածածնի տիպարին մէջ ո՛չ միայն Աստուծոյ Բանին ծնունդ տալու համար բոլոր կիներու մէջ ընտրեալ կինը ճանչցան, այլ նաեւ ու մանաւանդ` ճշմարիտ մայրը, իր զաւկին հանդէպ սիրազեղ մայրը, իր զաւկին ամբողջութեամբ նուիրուած գորովալից մայրը, իր զաւակով երջանկացող խանդակաթ մայրը եւ անոր տանջանքներով տանջուող ցաւատանջ մայրը:

Ահա թէ ինչո՛ւ Աստուածածնի առաքինութիւններով իր կեանքը շաղախած հայ մայրը տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդին տուաւ հաւատքը` խաւարէն լոյսին նայելու եւ ուժը` մահէն կեանքին ձգտելու ու գոյատեւելու որպէս ինքնուրոյն ազգ: Դարերու ընթացքին ո՛րքան ալ ուժգին փոթորիկներ ու դառն աղէտներ շարունակ հարուածեցին հայ ժողովուրդը, ան մնաց կանգուն ու կենսայորդ, մնաց կորովի եւ աճեցաւ, բազմացաւ, ստեղծագործեց յաւերժութեա՛ն տենչով ու վճռակամութեամբ. որովհետեւ հայ ընտանիքը առողջ էր եւ ամրակառոյց` հայ կնոջ շունչով տաք, հայ մօր սրբութեամբ արեւոտ, հայ մօր սիրով առլցուն, հաւատքով ու անսասան, նուիրաբերութեամբ շէն ու պայծառ:

* * *

Հանգուցեալ մօրս` Ալիս Այվազեան-Ստեփանեանին համար Ս. Աստուածածինը դարձաւ իրաւ մայրութեան խորհրդանի՛շ, վաւերական, ճշմարիտ մայրութեան տիպա՛ր` իր զեղուն սիրով, ամբողջական նուիրումով եւ անարատ սրբութեամբ: Կազմեց իր ընտանիքը, սնոյց իր զաւակները որպէս իմն հայորդիներ եւ դաստիարակեց զանոնք հայեցի ու կրօնական դաստիարակութեամբ: Ջանաց նմանիլ Աստուածամօր` իր պարզութեամբ, պարկեշտութեամբ ու նուիրումով եւ իր բնօրրանը վերածել հայաշէն երդիքի, սիրոյ բոյնի, խաղաղութեան յարկի, ազգային եւ հոգիի ու շունչի խորանի, ազգային աւանդութեանց վառ օճախի…

Միայն չխօսեցաւ մեզի, այլ փորձեց իր գործով ու կեանքով ցոյց տալ, թէ տան ու ընտանիքին կենսունակ բարգաւաճումը, սիրոյ ու երջանկութեան բոյնի մը վերածումն ու Աստուծոյ տաճարի փոխակերպումը հայ մօր ձեռքն է: Հաւատաց հայ մօր դերին: Եղաւ պարտաճանաչ ու նուիրեալ ՍՕԽ-ի խաչուհիներէն մին եւ փորձեց չթերանալ հանրային իր պարտականութեանց մէջ:

Մայրս իր ողջ կեանքի ընթացքին մշտապէս հպարտացած է իր ընտանիքով ու ստացած դաստիարակութեամբ եւ ըստ այդմ մեզ սնած ու դաստիարակած է: Իր կեանքէն քաղուած բազում ու զարմանազան պատումներ լսած էի, բայց ամէնէն խորազդեցիկը իր հօրը զինք համբուրելու դրուագն էր: Պատմած միջոցին կ՛ազդուէր ու մարմինը իսկոյն կը փշաքաղէր: Երբ արդէն ամուսնացած էր, օր մը, այցելութեամբ մը իր հօրենական տունը կ՛երթայ: «Նոր ամուսնացած էի,- կը վերյիշէ մայրս,- ամուսնութեանս առաջին օրէն կը փորձէի միշտ բարձր պահել ընտանիքիս անունը` իմ կեսրայրիս ու կեսուրիս հնազանդելով եւ անոնց խօսքերը լիովին կատարելով: Վստահաբար ծնողներս ալ կը լսէին այս մասին ու կը հպարտանային իրենց առաջին հարս աղջնակով: Հայրս այդ օր խոր մտածումներու մէջ էր: Առաջին իսկ վայրկեանին զգացի, թէ տարբեր բան մը կար:  Պահ մը նայեցաւ ինծի, քաղցր ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ իր դէմքին վրայ եւ ապա զիս կանչեց. «Եկո՛ւր, աղջիկս, հօրդ քով: Որքա՜ն կարօտցած եմ քու անուշ հոտդ»:  Առանց բան մը մտածելու` նետուեցայ հօրս ձեռքերուն մէջ: Համբուրեց զիս, ողջագուրեց եւ սիրալիր խօսքեր արտասանեց…»: Այսպիսի անքակտելի, անկեղծ ու անխարդախ սիրով անոնք կապուած էին իրարու, եւ մայրս ալ այդ նոյն սիրով ու հարազատութեամբ կապուած մնաց թէ՛ իր ընտանիքին եւ թէ՛ մեզի` զաւակներուն:

Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին մօրս համար քրիստոնէութիւնը մարմնաւորող եւ անոր շնչաւորեալ եւ գործարանաւորեալ արտայայտութիւն տուող նուիրագործուած հաստատութիւնն էր: Եկեղեցին իրեն համար քրիստոնէական կեանքին նկարագիր տուող իրականութիւն էր: Ահա թէ ինչո՛ւ ծանր վիճակին մէջ իսկ ուզեց յաճախել իր սիրեցեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աղօթքները միախառնած եւ ընդելուզած էր երգուող շարականներուն հետ:

Հօրս եւ մօրս մէջ մենք տեսանք իսկական հայ ընտանիքի մը սրբութիւնը: Օճախ մը, որ աստուածահաճ ու քրիստոսակեդրոն կեանք մը ապրեցաւ` իր ընտանիքը վերածելով աստուածաբոյր վարդահիւթեղ մեխակի: Քրիստոսի իսկ բառերով` «Անձրեւները կու գան, գետերը կը յորդին, հովերը կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռի վրայ հաստատուած է» (Մտ. 7.25):

Մ. Վեսպերի գրչէն պոկուած տուեալ բանաստեղծութիւնը որքա՜ն կը պատշաճի մօրս նկարագրին.

«Ո՛ւր էլ լինեմ ես, ո՛ւր էլ շրջեմ ես,
Որպէս պահապան ոգի ծածկատես`
Դու միշտ ինձ հետ ես, ինձ հետ քայլո՜ւմ ես,
Հսկում են աչքերդ իմ ամէն քայլին,
Մա՜յր իմ թանկագին,
Մա՜յր իմ սրտակէզ»:

* * *

Չկայ այլեւս մայրս:

Ըլլալու եւ չըլլալու, ապրելու եւ չապրելու երկդէմ ու անբաժան այս իրականութիւնը դառնօրէն ճշմարիտ է, որ տագնապ կը բռնկեցնէ մէջս, զիս այրելով` բայց չսպառելով:  Այո՛, թէեւ ան փակեց իր աչքերը այս աշխարհէն, բայց կայ ու պիտի մնայ մեզի փոխանցած իր սէրը, անկեղծ ժպիտը, քաղցրանուշ ձայնը, զոհողութիւնը, դաստիարակութիւնը, ընծայաբերումը…

Իրեն դէմ արձակուող չարանենգ նետերուն, ստայօդ բամբասանքներուն, յերիւրածոյ խօսքերուն յաղթանակեց իր պարզ ժպիտով ու լռութեամբ: Լռեց եւ լռել սորվեցուց իր չորսդիններուն` միշտ նշաւակ ունենալով «չարին լռութեամբ կը յաղթես» ժողովրդական առածը: Դաժան հիւանդութեան դէմ նոյնիսկ քաջարի հերոսի մը, այս պարագային Սօսէ Մայրիկին նման անդադրում պայքարեցաւ: Բայց աւա՜ղ, չկար ո՛չ դարման, ո՛չ ճար: Բայց այդ անողոք հիւանդութիւնն անգամ չկրցաւ ընկճել իր հոգին եւ թուլցնել իր կամքը, ո՛չ վշտի ծածկոցի տակ պահուըտեցաւ, ո՛չ ալ ուրացումի դիմակին ետին այլափոխուեցաւ, այլ հաւատքով ու կենսուրախութեամբ ապրեցաւ իր կեանքը:

Աննմա՛ն մայրս, սրբազան շարականագրին ձայնակցելով` դուն քու թաղմանդ օրը ըսիր. «Ես ճանապարհորդեցի առ Քրիստոս յոյսն ամենեցուն»: Մեզի կը մնայ աղօթել հոգւոյդ անդորրութեան համար, խնդրելով Ամենակալէն, որ քու բիւրեղեայ հոգիդ ցոլացնէ մեր հոգիներուն մէջ եւս:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ մայրիկս:

 

 

Share this Article
CATEGORIES