Սուրիական Լրատուութեան Աննախընթաց Անդրադարձները Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ Ամեակի Առթիւ

Պատրաստեց` դոկտ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ ամեակին սուրիական լրատուութեան եւ մամուլի անդրադարձը այս տարի աննախընթաց էր իր տարողութեամբ եւ բնոյթով: 

Սուրիական մամուլի անդրադարձին մասին խօսելով` նշենք, որ ապրիլ 24-ի նախորդող օրերուն անոնք սկսան պաշտօնական մամուլին մէջ, մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ բեմականացուած «Ծարիրի տուփիկը եւ ցպիկը» վերնագիրով թատրոնով մը,  ուր լուսարձակի տակ կ՛առնուին հայկական ջարդերն ու սուրիական շրջաններուն մէջ հայերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն համերաշխութեան պարագան:

Իսկ ապրիլ 23-ին «Մատինա» ձայնասփիւռի կայանը «Հայերու ջարդերը» վերնագիրը կրող մէկ ժամուան յատուկ ծրագիր սփռեց` հիւրընկալելով դոկտ. Նորա Արիսեանը: Հարցազրոյցին հիմնական կէտերն էին` պատմական հարցեր, ցեղասպանութեան վերաբերող սուրիական աղբիւրները եւ Սուրիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը:

Իսկ ապրիլ 24-ին սուրիական պատկերասփիւռի կայանը յատուկ տեսանիւթ մը սփռեց «Սուրիական լրատուական»-ի եւ «Սուրիական արբանեակային»-ի վրայ լուրերու ընթացքին` ընդգրկելով նաեւ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած նոյն օրուան Ս. պատարագէն հատուածներ, եկեղեցւոյ բակին մէջ կատարուած կարճ հարցազրոյցներ` Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի, առաջնորդ Արմաշ Նալպանտեանի եւ նորակազմ «Հայ արաբական միջազգային իրաւական խորհուրդ»-ի  նախագահ տոքթ. Հուսամ Տին Հապաշի հետ: Կայանը նաեւ  բացատրութիւն տուաւ ցեղասպանութեան իրողութեան մասին: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ նոյն առթիւ Լիբանանի մէջ հայերուն կազմակերպած քայլարշաւին եւ արտասանուած խօսքերուն, մանաւանդ` Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի ելոյթին, որ, ըստ լրատուութեան, Թուրքիայէն պահանջեց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը:

Նոյն օրը սուրիական արբանեակային կայանէն սփռուեցան նաեւ երկու վաւերագրական ժապաւէններ` «Մեծ ոճիր» անուան տակ, եւ շրջան մը առաջ պատրաստած սուրիացի դերասան եւ բեմադրիչ Ֆիրաս Նանայի «Հոգիի պատկերակը» (Հալէպի հայերը) վաւերագրական ժապաւէնը:

Այս մասին անդրադարձ կար նաեւ պաշտօնական մամուլին մէջ. արդարեւ, «ՍԱՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հրապարակեց ապրիլ 24-ին «Հայերու կոտորածի յիշատակի պատարագ եւ օսմանեան ոճիրներուն համար թրքական իշխանութենէն ներողութեան պահանջներ» վերնագիրի տակ լրատուութիւն մը, որմէ արտատպեցին սուրիական պաշտօնական թերթերը:

«ՍԱՆԱ»-ի լրատուութեան մէջ յիշուած է, թէ «Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. պատարագ` ոգեկոչելու համար 1915 թուականին օսմանեան ձեռքերով կատարուած 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան եւ ջարդի ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը»: Լրատուութիւնը նշեց նաեւ, որ նորակազմ «Հայ արաբական միջազգային իրաւական խորհուրդ»-ի  նախագահ տոքթ. Հուսամ Տին Հապաշը ծաղիկներ զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին առջեւ եւ յայտարարեց, որ` «խորհուրդը կը միտի իրաւական թղթածրարները կարգաւորելու` ծրագրաւորուած կերպով հայկական անհատական եւ եկեղեցական կալուածի հատուցումը պահանջելու համար, նաեւ` խորհրդարանները խրախուսելու հայ գաղութներու մէջ գործիչներու միջոցով, համագործակցութեամբ եւ ղեկավարուելով խորհուրդի շրջանային գրասենեակներու կողմէ`  իրաւական օրինագիծեր հրապարակելու հայ ժողովուրդի ոճիրը ուրացողները հետապնդելու համար»:

24 ապրիլին սուրիական անկախ օրաթերթ «Ուաթան»-ը «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին» վերնագիրի տակ հրապարակած յօդուածով նկատել տուաւ, որ ապրիլ 24-ը հայերուն համար Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր է, որ հայերը ցաւով կը յիշեն օսմանցիներու եւ թուրք իթթիհատականներու կողմէ գործադրուած ջարդերը` նշելով, որ, ըստ հայկական աղբիւրներուն, զոհուածներուն թիւը կը հասնի մէկուկէս միլիոնի, իսկ թրքական պաշտօնական աղբիւրները զայն կը գնահատեն 300 հազարով:

Թերթը կը հաստատէ, որ` «հայկական ջարդերը օսմանեան կայսրութեան պատմութեան ամօթի խարան են` նկատի առնելով, որ ցեղասպանութիւնը եւ ջարդերը սոսկալի էին ու տարածուած»: «Ուաթան»-ը կը յայտնէ, որ, հակառակ բազմաթիւ գիրքերուն եւ փաստերուն, իրերայաջորդ թուրք կառավարութիւններ կ՛ուրանան այս ջարդերը եւ կը խուսափին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալէ` հարցը վերագրելով Ա. Համաշխարհային պատերազմին հայերուն Ռուսիոյ կողքին ըլլալուն: Յօդուածի աւարտին «Ուաթան» կը հաստատէ. «Պատահածը անկասկած կարելի է միայն անուանել ցեղասպանութիւն, որուն ընթացքին ժողովուրդ մը տարագրուած է իր հայրենիքէն, ասիկա փորձ մըն էր անոր յիշողութիւնն ու պատմութիւնը ջնջելու, եւ Թուրքիան այդ ամբողջ ոճրագործութեան պատասխանատուն պիտի մնայ մարդկային քաղաքակրթութեան դիմաց որքան ալ ժամանակ անցած ըլլայ»:

Միւս կողմէ, սուրիական Համայնավար կուսակցութեան շաբաթաթերթ «Նուր»-ը հրապարակեց Ժաք Աուսիի «Ապրիլ 24` մարդկութեան ճակատին խարան» յօդուածը, որ զուտ պատմական տուեալներով կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Պէտք է ըսել, թէ սուրիական կայքէջերը առաջին անգամ չէ, որ կ՛անդրադառնային Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին: Այս տարի եւս կարգ մը կայքէջեր յօդուածներով հանդէս եկան այս մասին:  «Ժուհէյնա նիուզ»-ը «Ապրիլ 24® թուրք ձեռքերը տակաւին կեղտոտուած են երկու միլիոն հայերու արիւնով» վերնագիրի տակ բացատրութիւն տուած է պատմական իրողութեան` միեւնոյն ատեն  զուգահեռներ գծելով այսօրուան Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ կողմէ կատարուած ոճրագործութեան հետ:

«Ալեֆ Եա լուրեր» կայքէջը հրապարակած է`   «Հայերը կ՛ոգեկոչեն հայերու ողբերգութեան 98-րդ տարելիցը» վերնագիրով լուրը եւ արտատպած է տոքթ. Ռուբէն Ատալեանի «Հայերու ցեղասպանութիւնը» բացատրողական յօդուածը,  ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նկարներ զետեղած է «Հայոց ցեղասպանութիւն նկարներով» բաժինի մէջ: Միւս կողմէ, «Տամ Փրես» կայքէջը Մէյ Հմիտուշի գրիչով «Հայերու ջարդը` օսմանեան ծայրայեղական մտայնութեան վկայ» վերնագիրի տակ յօդուածով կը բացատրէ օսմանեան քաղաքականութիւնը, Հայոց ցեղասպանութիւնը նկատելով մարդկութեան պատմութեան մէջ ցաւոտ խնդիր. ան անդրադարձած է Սուրիոյ հանդէպ Էրտողանի ունեցած նոյն քաղաքականութեան` հաստատելով, որ սուրիացիները ունին յիշողութիւն, չեն մոռնար եւ անպայման հաշուետուութեան օրը պիտի հասնի:

25 ապրիլին սուրիական պաշտօնական «Սաուրա» օրաթերթը «Սպանութեան ծիները կը փոխանցուին սուլթանէն եղբայրներուն… Էրտողանի ազատութիւնը կը բացատրէ հայերու ջարդերը» վերնագիրի տակ հարց կու տայ, թէ` «Էրտողան` ապրիլ 24-ին իր նախնիներուն իրագործած պատմական ջարդերու յիշատակման օրը. ինչպէ՞ս կը դիտէ իր երկրի դրօշի հրկիզումը», յիշեցնելով, որ էրտողանի մեծ հայրը մարդկութեան առաջին ցեղասպանութիւնը գործած է, օսմանցի ջարդարարը հայերու ջարդերը շարունակեց եւ Սուրիոյ մէջ կը կատարէ ահաբեկում եւ թալան:

Յօդուածը դիտել կու տայ, որ 1915-ին մէկուկէս միլիոն հայերու ծրագրուած սպանութիւնը եւ թրքական մերժողականութիւնը կը նոյնանան Սուրիոյ մէջ սուրիացի ժողովուրդին սպանութեան հետ:

Թերթը կը հաստատէ. «Մենք չենք մոռնար: Հայ նահատակներու յուշահամալիրը կանգնած է, ու ջահը կը վառի 98 տարիէ ի վեր Հայաստանի բարձունքին վրայ, եւ սուրիական հողը պիտի բուրէ բոյրով մեր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում» կուսակցութեան կատարած ոճիրներուն իբրեւ հետեւանք»:

Թերթը այս յօդուածին մէջ լայն տեղ տուած է Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ ամեակի առթիւ լիբանանահայերու կազմակերպած քայլարշաւին, ուր կը գրէ. «Հայոց ցեղասպանութեան 98-րդ ամեակի առթիւ Նահատակաց հրապարակի վրայ կազմակերպուած քայլարշաւ-հաւաքին, Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանը ըսաւ, որ Թուրքիան տակաւին կը մնայ անպատիժ` նշելով, որ չենք մոռնար մեր նահատակները եւ բռնագրաւուած կալուածները, բացայայտելով Թուրքիոյ իսկական դիմագիծը. ան հաստատեց, որ հայերու պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ Թուրքիա ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում տայ հայերուն: Մխիթարեան դիտել տուաւ, որ պէտք է զգուշ ըլլալ Թուրքիոյ տարածաշրջան վերադարձէն` նկատել տալով, որ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ներթափանցումը իսկական վտանգ կը հանդիսանայ բոլոր մակարդակներու վրայ»: Ապա թերթը ակնարկած է Հայաստանի մէջ` Ծիծեռնակաբերդին մէջ` ցեղասպանութեան ոգեկոչման, մատնանշելով յատկապէս 23 ապրիլին Դաշնակցութիւն երիտասարդական թեւին կողմէ 10 հազար հոգինոց ջահերթը: Միւս կողմէ մէջբերուեցաւ այս առթիւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթէն հատուած մը:

Յօդուածը աւարտած է պատմական ակնարկով ցեղասպանութեան դէպքին մասին եւ անդրադարձած է աշխարհի մէջ գտնուող հայ նահատակներու յուշարձաններուն ու գրած. «Հայերու ջարդերը կը նկատուին ողջակիզումէն ետք երկրորդ ջարդերը, զորս Թուրքիա կը մերժէ ընդունիլ, սակայն քսան երկիրներ պաշտօնապէս ճանչցած են զայն որպէս ցեղասպանութիւն»:

Անդրադարձը եզրափակելով` կարելի է ըսել, որ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին սուրիական լրատուութեան եւ մամուլի անդրադարձը ոմանց համար զարմանալի թուեցաւ կամ համարձակ ու խիզախ, ոմանց համար ալ հապճեպային, ուր երբեմն պատմական տուեալներու կողքին անճիշդ տեղեկութիւններ հաղորդուեցան, երբեմն անտեղի զուգահեռներ գծուեցան Թուրքիոյ ներկայ քաղաքականութեան հետ, որոշ տեղեր ալ շահարկուեցաւ ցեղասպանութեան հարցը, նոյնիսկ զայն նկատելով մարդկութեան համար խարան կամ ամենացաւոտը, իսկ եզրերու գործածութիւնը կատարուեցաւ երբեմն ճիշդ, երբեմն սխալ:

Այս բոլորը եւ «աննախընթաց»-ի հանգամանքը, այլ մտորումներու կողքին մեզի մտածել կու տան, որ այսօրուան պայմանները պարտադրած են զգալի տարբերութիւն գտնել սուրիական լրատուական դաշտին մէջ. միեւնոյն ժամանակ յստակ կ՛երեւի, որ արաբական եւ մասնաւորապէս սուրիական հասարակութիւնը տակաւին կը կարօտի տեղեկացուածութեան եւ ուղղորդուելու` ցեղասպանութեան իրողութիւնը իր պատմական եւ իրաւական բնոյթով հասկնալու, իսկ լրատուութեան տարբեր ձեւաչափերը մեզ մտածել պէտք է տան 100-ամեակին կատարուելիք նախաքայլերուն մասին, որպէսզի հարցը կարելի ըլլայ ծառայեցնել միա՛յն հայկական շահերուն:

Դամասկոս

Share this Article
CATEGORIES