Կոյր Ոչխարին(ներուն) Պատմութիւնը

ՄԵՍՐՈՊ Ա. ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան արձակուրդ օրերէն մէկն է, բայց ես, ըստ սովորութեանս, կանուխ կ՛արթննամ, կարծէք թէ դպրոց պէտք է ըլլամ դիմաւորելու համար աշակերտները: Թանձր մշուշը լեցուած է գիւղի փողոցները, եւ ցուրտ օդը տիրական է նոյնիսկ բնակարանիս մէջ: Պէտք է գործի երթամ եւ պարտէզի ծառերուն ճիւղերը մաքրեմ, բայց մշուշը շատ թանձր է: Ստիպուած եմ երկու ժամ թափառիլ հեռատեսիլի կայաններու մէջ, մինչեւ մշուշը պարտուի արեւի շողերէն:

Վերջապէս գործի հագուստները հագած եւ սառին դէմ պայքարող ինքնաշարժիս անախորժ ձայներուն անտարբեր, կը սահիմ Այնճարի բերդի զառիվայրէն ու կ՛անցնիմ նոր լողաւազանի նեղ ճամբան. յանկարծ դիմացս կը ցցուի հովիւ մը` իշու վրայ նստած եւ շուրջ հարիւրի հասնող ոչխարներու հօտ մը. հովիւը արագաշարժ քայլերով կը մօտենայ ինքնաշարժիս: Բնազդաբար կը կանգնեցնեմ ինքնաշարժս եւ կը մտաբերեմ մեծ հօրս խօսքը` թէ «Առաւօտեան երբ նախրի հանդիպիս, լաւ բախտ պիտի ունենաս»: Ոչխարները կ՛ողողեն ճամբան եւ կը կլանեն ինքնաշարժս, բայց երկար չի տեւեր այս նկարը: Անօթի անասունները կը շտապեն, ճամբան կը բացուի, ու ես կ՛ուզեմ շարժիլ, սակայն կայ տակաւին ուշացած ոչխար մը շուրջ տասը քայլի վրայ, եւ որ ինքզինք կը չարչարէ խումբին հասնելու համար: Ուշադրութիւնս անասունին վրայ կեդրոնացած է ու կ՛ակնկալեմ, որ խուսափի անշարժ ինքնաշարժէս, բայց կը պատահի անախորժ անսպասելին: Ոչխարը իր հեւքին մէջ կու գայ եւ ուժգին կը բախի ինքնաշարժիս յառաջամասին: Գլխուն հարուածին ձայնը կ՛արձագանգէ ականջներուս մէջ, ու ես նախ կը զարմանամ պատահարին վրայ ու ետքը սրտի ցաւ կը զգամ անօթի անասունին բախտին համար: Կենդանին կը վերագտնէ ինքզինք ու կը վազէ հօտին ետեւէն, իսկ ես ալ իմ կարգիս կ՛ուղղուիմ պարտէզ:

Աշխատանքի օրը հաճելի կ՛անցնի: Արեգակը կը ջերմացնէ օդը ու կը գեղեցկացնէ Պեքաայի դաշտը: Յետմիջօրէին դարձեալ կ՛ուղղուիմ տուն, սակայն տարօրինակ զուգադիպութեամբ լողաւազանի նեղ ճամբուն մէջտեղ կը հանդիպիմ հովիւին, որուն էշն ու ոչխարները ճամբու ձախ կողմի փշաթելուած պարտէզին մէջ կ՛արածին: Միայն մէկ ոչխար, անջատուած խումբէն, ասֆալթապատ ճամբու եզրին զրկուած է փարթամ խոտերէն ու գլուխը կը հրէ փշաթելերու ներքին գիծերուն մէջ, որպէսզի բան մը հասցնէ բերնին: Կանգ կ՛առնեմ հովիւին քով: Բան մը կայ, որ ճիշդ չէ: Կը սկսիմ արաբական բարեմաղթութիւններով, ապա հարցումս կ՛ուղղեմ երիտասարդ հովիւին.

– Ինչո՞ւ ներս չէ մտած անասունը, մեղք է: Դուրսը խոտ չկայ: Կարծեմ աչքին տակն ալ փշաթելերը վիրաւորած են, եւ արիւն կայ:

– Մի՛ վախնար «ըսթազ» (պարոն), ինքզինք կը կարգադրէ: Մսքինա (խեղճ է անասունը):

– Ինչո՞ւ խեղճ է այս ոչխարը:

– «Ըսթազ», այս ոչխարը կոյր է եւ անցեալ տարի ալ մէկ ոտքը կոտրեցաւ:

Կը ցնցուիմ, բայց կ՛ուզեմ գիտնալ աւելին: Կը շարունակեմ հարցուփորձս:

– «Եա սահպի» (բարեկամս) այս ոչխարը ի ծնէ՞ կոյր է:

– Ո՛չ, չեմ գիտեր` ինչպէս կուրցաւ, բայց շատ լաւ, բարի անասուն է: Կաթը ամէնէն առատն է: Շունս, որ այսօր չմիացաւ ինծի, միշտ կը չարչարէ զայն: Կը վախցնէ, նոյնիսկ կը հրէ զայն: Կարծես այս ոչխարին հանդէպ ոխ ունի:

Լուռ կը մնամ: Շշմած եմ կոյր ոչխարին պատմութեամբ, մանաւանդ` արեան կաթիլներէն, որոնք կը ծորին անոր աչքերու կոպերէն:

Կ՛անցնին օրեր, եւ տարին կը շիջի:

Զանգակներ կ՛աւետեն նաեւ Յիսուսի յայտնութիւնը, բայց ես ներքուստ անհանգիստ եմ: Քանի մը անգամ բերդի ճամբու վրայ կը փնտռեմ կոյր ոչխարը, բայց չեմ հանդիպիր երիտասարդ հովիւին:

Զատկուան յիշատակ մեռելոցի նախօրեակին գիշերը քրտնած կ՛արթննամ եւ կը յիշեմ զինք: Միւս «կոյր ոչխարն» է` իր դեղին մազերով եւ լեռնական քայլուածքով, կու գար կանուխ եւ իր պաշտօնի բերումով կը բանար դպրութեան դասարաններու դռները: Եթէ բախտը ունենար, քանի մը վայրկեաններու համար կ՛ապրէր իր պատանեկութիւնը զրկուած, խաղի մասնակցելու հաճոյքը ու դարձեալ կը սկսէր իր հեւքոտ վազքին: Դպրոցներու մէջ ծառայող վեց ազնիւ մայրիկներ ճանչցած էի, սակայն ինք մինակն էր, որ զիս եղբայր կը կոչէր` ՀՄԸՄ-ի հին օրերուն յենած: Գործը շատ էր, բայց ինք` գիտակից հարցերուն եւ պարտականութեանց: Բաղնիքներ, սրահներ, աստիճաններ, բակի աշնան տերեւներ ու… Զբօսանքներու ժամանակ քանի մը վայրկեանուան համար կը նստէր բակի նոյն նստարանին եւ երազկոտ աչքերով կը դիտէր փոքրիկները: Կատակասէր էր եւ Այնճարի քանի մը ամուրի տղոց համար զատած էր կեղծանուններ, որոնցմէ նշանաւորն էր «Սատտամ Հիւսէյնը»: Ձմրան եղանակին, կարճ պահուան մը համար կու գար իմ նեղլիկ գրասենեակս ու կը պահանջէր իր «սեւն ափ» կանաչ խնձորը:

Անցեալ տարեշրջանին ուսուցչաց տօնի շաբթուան գունատ էր: Գործին վրայ բարդուած էին տնային հոգեր` ծեր հարազատներու: Հաւատարիմ ոչխարի պէս կը զոհուէր անքուն գիշերներ անցընելով, իսկ դպրոցին մէջ կը ջանար չթերանալ: Կը ջանայի մեղմացնել իր յոգնածութիւնը, բայց չէի յաջողեր: Ընկճուածութիւնը նաեւ կը խորտակէ իր կորովը: Իսկ ամսաթոշակը հազիւ կը բաւէր քանի մը օրուան ծախսերուն: Ծանր էր լուծը: Շատեր գիտակ էին կացութեան, բայց բարի սամարացիի պատմութեան նման, աչքերը գոցելով միւս կողմէն կ՛անցնէին: Կային նաեւ, հովիւին նկարագրած խիստ շան պէս, մարդիկ, որոնք կը քաշքշէին զինք ու կը չարչարէին:

Զատկուան արձակուրդէն ետք հաւատարիմ ոչխարը տկարացաւ: Սկսած էր անգիտակցաբար զարնուիլ անցքերու պատերուն: Գնաց ակնաբուժի եւ ակնոց գնեց, բայց օգուտ չըրաւ: Կը զգայի, թէ սխալ բան մը կար եւ կը ջանայի հասկնալ տեղի ունեցածը` իր շատ մտերիմ բարեկամուհիին միջոցով: Սկսան գանգատները իր գործի կարողութեան մասին: Խիստ մարդիկ կոյր էին կացութեան ծանրակշռութեան դիմաց:

Ամավերջի քննութեանց հազիւ դիմացաւ: Մեր վերջին խօսակցութեան ժամանակ հարցուցի իրեն, որ ճիշդ սահմանէ իր կացութիւնը:

«Լոյսը, եղբայր, խելքիս մէջ կը պայթի կոր», հազար արեւ կայ հիմա աչքիս մէջ»:

Պատասխանատու մարդիկ հասցուցինք զինք զանազան հիւանդանոցներ: Ախտաճանաչումը շատ ուշ ու ողբերգական էր: Գթասիրտներ ջանացին օգնել իրեն, բայց «հաւատարիմ ոչխարը» զոհուեցաւ շատ արագ եւ արեւներու պայթումներէն իր ուղեղին մէջ, գնաց հողին:

Դպրոցի ազնիւ նոր մայրիկը կ՛աւլէ նոյն անցքերը դասարաններուն, ու բակի թթենիի սառած տերեւները նոյն ձեւով կը ջղայնացնեն զինք` կպչելով իր աւելին: Դպրոցի շրջափակի միակ մնացած նստարանը կու լայ անձրեւին տակ, իսկ իմ յիշողութեանս պաստառին վրայ կը քալէ կոյր ոչխարը. լեռնականի իր քայլուածքով եւ փոխան խնձորի իր խնդրանքին` կը փսփսայ Պ. Սեւակի հնամաշ խօսքերէն.

«Գթասիրտ եղէք,
Եղէք ողորմած
Մարդու նկատմամբ մարդ եղէք, մարդիկ»:

Բարի աշխատաւորներու եւ մայրերու տօն մայիսեան: Բարի յիշատակ դպրոցներու մէջ ծառայած «մայրիկներուն» ու բարի բախտ ձեզի:

 

Այնճար
24 մայիս, 2013

Share this Article
CATEGORIES