Քաջ Ու Հաւատաւոր (Ընկեր Լեւոն Գէորգեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան հայակերտ դպրոցին մէջ թրծուած, նկարագիր ու ոգի կազմած եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու ուխտը ամէնօրեայ հոգեկան հրճուանքի վերածած գաղափարապաշտ նուիրեալներուն կորուստը ծանր է անկասկած, մանաւանդ զանոնք մօտէն ճանչցած եւ անոնց հետ գործած ընկերներուն համար, ինչպէս նաեւ յուզիչ առիթ` բարեխիղճ հաշուեյարդարի եւ սրտի արդար խօսք ըսելու: Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած ընկեր Լեւոն Գէորգեանի պարագան տարբեր չէ եւ չի կրնար ըլլալ, հակառակ ժամանակ կոչուած դերակատարին մեղմացուցիչ բալասանին:

Բոլորին բարեկամ ու ընկեր, ծառայ ու սրտակից, այլ մանաւանդ մեղուէ մը աւելի աշխատասէր ու ճշդապահ, խոնարհ ու կարգապահ, խստապահանջ ու գաղտնապահ դաշնակցականի ընդհանրական տիպարին մէկ արժանաւոր ներկայացուցիչն էր նաեւ ընկ. Լեւոն Գէորգեան, որ Դաշնակցութեան գործը ամէն բանէ վեր գերադասեց միշտ եւ մինչեւ շունչ վերջին, նոյնիսկ իր կեանքի վերջին շրջանին պարտադրաբար անկողին գամուելէ ետք, մնաց մէկ անկեղծ զինուորը իր ժողովուրդին:

1940-ին աչքերը Արաբ Բունար հայաւանին մէջ լոյսին բացած այս տարաբախտ հայորդին, որուն նկատմամբ կեանքը այնքան ալ շռայլ չէր եղած, իրականութեան մէջ վերածնած էր լիբանանեան հողին վրայ, երբ իբրեւ նորագիր պատանի` մուտք գործած էր ՀՅ Դաշնակցութեան տաճարէն ներս: Յար եւ նման իր սերունդի ցաւ ու զրկանք ճաշակած բոլոր տղոց, Դաշնակցութեան ակումբները շնչաւորած մեր խստահայեաց հայդուկներուն ու ղեկավար դէմքերուն դիմանկարները, իբրեւ հայութեան ու Հայաստանի վէրքերն ու երգերը պատգամող սրբազան հրաւէրներ` մագնիսացուցած էին նաեւ պատանի Լեւոնը, որ այդ օրէն չբաժնուեցաւ Դաշնակցութեան ակումբէն եւ զայն հռչակեց իր առաջին ու վերջին տունը` նոյնիսկ տուն ու ընտանիք կազմելէ ետք:

Եւ «Նիկոլ Դուման» ակումբը յատկապէս եղաւ, ամբողջականօրէն եղաւ իր գաղափարի հնոցն ու դպրոցը, հաւատքին սրբարանն ու միջնաբերդը: Եւ ինչպէս իր ազնիւ սերունդին ընտիր տղոցմէն շատեր, ընկ. Լեւոն Գէորգեան նաեւ հասակ ու ոգի նետեց Դաշնակցութեան հայատրոփ տան մէջ, հարստացաւ ու զօրացաւ շարունակ` բարոյապէս, հոգեպէս, գաղափարականօրէն եւ ինքզինք ճանչցաւ: Մեծցաւ օր առ օր, ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ, եղաւ կոմիտէի անդամ ու հերթապահ, բայց ո՛չ մէկ օր մեծամտութիւն չցուցադրեց, պատասխանատու կուսակցականի քղամիդ չանցուց իր ուսերուն, այլ, ընդհակառակն, մնաց միշտ նոյն անկեղծ ու խոնարհ ծառան իր ժողովուրդին եւ, երգին բառերով` «Պարսկաստանէն եկած նամակ»-ին ընդառաջեց տիւ ու գիշեր, ամէն օր եւ ամէն վայրկեան: Եւ այդ իսկ պատճառով արժանացաւ ո՛չ միայն իր գաղափարի ընկերներուն ու համակիր շրջանակներուն ամբողջական սիրոյն, այլեւ` նոյնիսկ տարակարծիք հայորդիներու եւ տեղացի պատասխանատուներու անվերապահ յարգանքին:

Անոնք` որոնք 1970-1980-ական թուականներուն բախտը ունեցած են գործակցելու սակաւախօս, խստապահանջ, ծայր աստիճան կարգապահ եւ ամբողջականօրէն գաղտնապահ ու ոչ մէկ դժուարութեան դիմաց տկարացող այս մարտական դաշնակցականին հետ, քաջ գիտեն, թէ այս կտրիճ ուխտեալը ինչպիսի՛ սիրտ մը կը կրէր իր կուրծքին տակ: Սիրտ մը` որ համակ տագնապ էր եւ հաւատարմութիւն, ուխտ էր եւ անմնացորդ նուիրում, վասնզի Դաշնակցութեան աւազանին մէջ ծնած իսկ վայրկեանէն ան յարատեւ պայքարի եւ անդադրում զոհաբերութեան կտակը ժառանգած էր եւ մի՛միայն հետեւած` իր գերագոյն ուխտի կողմնացոյցին հրահանգներուն:

Կարելի է երկար գրել ընկ. Լեւոն Գէորգեանի մարդկային, ազգային ու դաշնակցական առաքինութիւններուն մասին: Թուել բնորոշ դրուագներ, յիշատակել քաջութեան բացառիկ պահեր եւ եզրակացնել, որ Հայաստանով մեծցած, օր ու գիշեր Հայաստանի երազով տառապած, վերանկախացման հրճուանքը մանուկի մը պէս ըմբոշխնած մեր տարաբախտ ընկերը, ճակատագիր կոչուած սատանային դառն կատակով, թէեւ չարժանացաւ Ազատ ու Անկախ Հայաստանի հողին վրայ ոտք դնելու բախտին, բայց իր սրտի մէն մի տրոփով ա՛լ աւելի կապուեցաւ նորանկախ Հայաստանի հողին ու ջուրին, ժայռին ու ամպին եւ յատկապէս հայրենիքի հզօրացման ու յաւերժացման ի խնդիր արիւն թափած մեր նորանուն դիւցազուններուն եւ տեսլապաշտ հայ ժողովուրդին: Հայութեան եւ անոր տագնապներուն, ցաւերուն, բայց մանաւանդ` պայծառ ապագայի երազներուն:

Հիմա իր պարտքը ամենայն բծախնդրութեամբ վճարած քաղցր ներկայութիւն է արդէն: Առաւել քան կենդանի եւ ա՛լ աւելի քաջ ու սիրելի: Եւ պիտի մնայ այդպիսին` իբրեւ կենդանի ուղեցոյց ու խոնարհ հերոսներուն միայն վայել որպէս ուսանելի հրաւէր:

Յարգանք ընկ. Լեւոններու անմեռ յիշատակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES