Համբարձման Եւ Մայրերու Տօն

ԼՕԽ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղին կազմակերպած Համբարձման եւ Մայրերու օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 մայիս 2013-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ուայթ թաուըր» պանդոկի «Արարատ փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Քէօյլեանի եւ 70 հրաւիրեալներու:

Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Զեփիւռ Պոնիագրապեան, որ ներկաներուն բացատրեց զոյգ տօներուն իմաստը. ան շնորհակալական խօսք ուղղեց շրջանի «Ռուբէն» կոմիտէին, որ միշտ նեցուկ կը կանգնի մասնաճիւղին գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` բոլոր ԼՕԽ-ականներուն, որոնք կը քաջալերեն մասնաճիւղի ծրագիրները` ի խնդիր միութեան բարգաւաճման եւ գոյատեւման: Օրուան գեղարուեստական յայտագիրին մասնակից դարձան երգիչ Մհեր Չափարեան եւ Սագօ Պետրոսեան, որոնք խանդավառեցին մթնոլորտը:

Share this Article
CATEGORIES