Համբարձման Տօնին Առիթով Պտոյտ

ԼՕԽ-ի Թրիփոլիի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տօնեց Համբարձումը Աշքութի ճաշարաններէն մէկուն մէջ` մասնակցութեամբ ԼՕԽ-ականներու, անոնց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն: Թէեւ Համբարձումը տեղի ունեցած է Ձիթենեաց լերան վրայ, սակայն մենք հաւաքուեցանք գարնանային մշտադալար ծառերուն տակ: Այս առիթով ժողովրդային հայկական աւանդութիւններ պահպանելու միտումով պատրաստուած էին քառեակներ, որոնց ընթերցումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց: Անկէ ետք չափահասներն ու մանուկները միասնաբար երգեցին ու պարեցին:

Հայաստանի մէջ Համբարձման օրը շատեր կ՛երթան Ծաղկավանք` «Ջան գիւլումի»-ի տօնակատարութեան, իսկ «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի պտոյտին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Զմմառու վանքը, ուր աղօթեցին եւ այցելեցին թանգարանը: Ապա անոնք շրջագայեցան վանքին մօտ գտնուող գինիի մառանին մէջ, դիտեցին շատ լաւ պատրաստուած տեսերիզ մը` մառանին եւ գինիի պատրաստութեան մասին :

Նշենք, որ օրուան սկիզբը ԼՕԽ-ականները այցելեցին Այնթուրա, ուր մոմ վառեցին եւ խունկ ծխեցին հայ որբերու գերեզմաններուն վրայ: Վերջին հանգրուանով անոնք բարձրացան Հարիսա` Ս. Աստուածամօր յուշարձանին մօտ, որմէ ետք ուղղուեցան Թրիփոլի:

Share this Article
CATEGORIES