Մայրերու Օրուան Հաւաք
Երեքշաբթի, 21 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը այս տարի եւս նշեց Հայ մօր տօնը, սակայն այս անգամ` վերանորոգուած ակումբի մէջ: Մասնաճիւղի վարչութեան անդամները ճիգ չէին խնայած ձեռնարկը ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցընելու համար: Մուտքին բաժնուեցան համեստ նուէրներ. բարի գալուստի խօսք ուղղեց ատենապետ Աստղիկ Կէտիկեան, իսկ յայտագիրը շարունակեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան` որպէս օրուան հանդիսավար:
Ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, բարերար Զուարթ Աբոշեան, վարչական նախկին անդամներ եւ հիւրեր:
Օրուան հիւրասիրութիւնը, վիճակահանութիւնը եւ նուիրատուութիւններ հեզասահօրէն ընթացան նուագի ընկերակցութեամբ, որոնց յաջորդեց կարկանդակի հատումը, եւ ներկաները շատ ուրախ եւ քաջալերանքի խօսքերով մեկնեցան:
CATEGORIES Գաղութային


