Մայրերու Օր Եւ Համբարձում

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութեան (Ժիպէյլ), 9 մայիս 2013-ին տեղի ունեցաւ սոյն ձեռնարկը, Ժիպէյլի Հայ կեդրոնի վերանորոգուած սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Մուտքին ներկաները ստացան ծաղիկներ եւ նուէրներ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Լուսին Պեզճեան, որ շնորհաւորեց հայ մայրերը, բոլորին մաղթեց ուժ, կորով եւ առողջութիւն:

Ապա խօսք առաւ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որ գնահատելով հեռակայ այդ շրջանին մէջ ներկաներուն համախմբումը` մեծագոյն փաստը համարեց ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն հանդէպ անոնց ունեցած հաւատքին:

Ան շնորհաւորեց մեծ մայրերն ու մայրերը` յուսալով, որ գալիք սերունդները անոնց ուղիով կատարեն հայապահպանման իրենց մայրական պարտականութիւնը:

Որմէ ետք բժշկուհին խօսեցաւ բոլոր այն հիւանդութիւններուն մասին, որոնք առնչուած են նիւթափոխանակութեան խանգարումներուն հետ: Անդրադառնալով կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու կարեւորութեան` առանձին-առանձին խօսեցաւ անոնց տեսակներուն մարմին մուտք գործելու, իւրացման եւ քայքայման գործընթացներուն մասին, ինչպէս նաեւ` կենսանիւթերու անբաւարարութեան եւ կենսանիւթ պարունակող դեղահատերու սխալ գործածութեան մասին:

Պատասխանեց նաեւ ներկաներուն հարցումներուն:

Ապա Դալար Տօնապետեան կարդաց Յովհաննէս Շիրազէն բանաստեղծութիւններ` նուիրուած հայ մօր, իսկ Երանուհի Մանուշեան երգեց «Համբարձում եայլա, եայլա ջան, եայլա» երգը, եւ կատարուեցաւ աւանդական համբարձման քառեակներու վիճակաբաշխումը ներկաներուն:

Օրուան կարկանդակը, որ պատրաստած էր վարչական ընկերուհիի մը կողմէ, հատեց Կուրճի Թոփալեանը:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակահանութիւն:

Ուրախ էին ներկաները…
Գոհ էին վարչական ընկերուհիները…

Վարձքը կատար բոլորին:

Share this Article
CATEGORIES