«Ջաւօ Շանթ» Մասնաճիւղին «Մայրերու Օրը»
Ամէն տարի կը տօնուին եկեղեցական եւ ազգային տօներ, ինչպէս որ մայրերու օրը կը տօնեն բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, մասնաւորապէս` կնոջական միութիւններ, յատուկ հանդիսութեամբ, յարգանքի, երախտագիտութեան եւ մաղթանքներուն միացնելով նուէր մը, փունջ մը ծաղիկ:
Հինգշաբթի, 30 մայիս 2013-ին, ԼՕԽ-ի «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղը Տըքուէնիի շրջանի կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ձեռնարկ մը` մայրերու օրուան առթիւ: Ներկայ էին շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Սօսի Պոյաճեան: ԼՕԽ-ի քայլերգի ոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ատենապետ Ժաքլին Ագըլեան, որ շնորհաւորելով բոլորը` փոխանցեց, թէ հայ ընտանիքին ճրագն է մայրը, եւ այդ նպատակով ներկաներուն բաժնուեցան կանթեղներ:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած գոյնզգոյն ծաղիկներու թաղարները զարդարած էին բոլոր սեղանները: Հրաւիրուեցաւ օրուան դասախօսը` Սիրուն Վարդապետեան, որ փոխանցեց, թէ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական որոշ պարտականութիւն մը ունի` հանդէպ իր կազմակերպութեան, իսկ իւրաքանչիւր մայր ունի շատ կարեւոր եւ ծանր պարտականութիւն մը, որ Աստուծոյ կողմէ դրուած է իր փափուկ, բայց շատ ամուր ուսերուն վրայ` զաւակը աշխարհ բերել, սնուցանել եւ դաստիարակել ո՛չ միայն որպէս լաւ մարդ, այլ` որպէս հայ մարդ:
Հայ մայրն է, որ պէտք է մաքուր պահէ իր ընտանիքին խաղաղ մթնոլորտը` ըլլալով պահապանը հայկական աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն, անշուշտ անոր օգնութեան ձեռք երկարողը կրնան ըլլալ միայն ու միայն հայ վարժարանը, հայ եկեղեցին եւ հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները:
Դասախօսը աւելցուց նաեւ, թէ անցեալին, երբ աղքատ էր մեր ժողովուրդը, չունէր 21-րդ դարու ընդհանրացած ցուցամոլութիւնն ու մրցակցութիւնը իրարու միջեւ: Ներկայիս այս ախտերը լայնածաւալ տարածուած են, տուժողը կ՛ըլլան միայն ու միայն մեր զաւակները:
Սիրուն Վարդապետեան շնորհաւորելով մայրերը, անոնց մաղթեց առողջ կեանք` շարունակելու մայրական իրենց սրբազան առաքելութիւնը` ապագայ սերունդներ պատրաստելու վեհ գործին մէջ:
Ձեռնարկի տեւողութեան սրահին մէջ կը հնչէր հայկական երաժշտութիւն:
Վարչական ընկերուհիները սպառելով վիճակահանութեան տոմսերը` բախտաւորները ուրախացուցին գեղեցիկ նուէրներով:
Վարձքը կատար «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

