Մայրերու Օր

Ուրբաթ, 3 մայիս 2013-ին, առաւօտեան Արագածի շրջանի Ժողովրդային տան «Ս. Գալայճեան» սրահը լեցուն էր հայ մամիկներով:

Այդ օրը ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղը նշեց «Մայրերու օր» ձեռնարկը: Մասնաճիւղին վարչութիւնը ոչ մէկ ճիգ խնայած էր իրագործելու համար այս ձեռնարկը:

Սրահի մուտքին բոլոր ներկաներուն մատուցուեցան նուէրներ: Սեղաններու վրայ զետեղուած փոքրիկ թաղարներուն ծաղիկներուն բոյրը տարածուած էր սրահին մէջ:

Օրկանիստ Սեդօ Պաղտասարեանին կ՛ընկերակցէր հալէպահայ երգիչ Սագօ Թաշճեան, որ գեղեցիկ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը:

Տեղի ունեցաւ «Բախտաւոր մայր» ընտրութիւնը, որմէ ետք գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Թամար Նալպանտեան եւ փոքրիկն Սարգիսեան, որոնք մատուցեցին մայրերու նուիրուած արտասանութիւն եւ երգ:

Ձեռնարկի աւարտին սովորութիւն դարձած վիճակահանութիւնը անխուսափելի էր: Անկէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները:

Ներկաները իրենց տուները վերադարձան ուրախ եւ գոհունակ:

Ապրի՛ն հայ մայրերը, ապրի՛ Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, վարձքը կատար «Արագած» մասնաճիւղին:

Share this Article
CATEGORIES