Շտապ Օգնութեան Դասընթացք
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբը եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի Նախազգուշական բաժանմունքը յաճախ կը կազմակերպեն շտապ օգնութեան դասընթացքներ` գործակցաբար Լիբանանի կարմիր խաչին, գաղութիս տարբեր երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեանց համար:
29 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, «Թնճուկեան» սրահ հրաւիրուած էին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանէն 40 աշակերտներ` ընկերակցութեամբ վարժարանի ընկերային ծառայող Զեփիւռ Պէրպէրեանի` ստանալու համար հետեւեալ հաստատագրերը.
1.- Լիբանանի կարմիր խաչին կողմէ հաստատագիր մը` իրենց մասնակցութիւնը բերած ըլլալու ԼՕԽ-ի շտապ օգնութեան դասընթացքներուն:
2.- Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած արեան խմբաւորման ցանկագրումի արշաւին նոյնպէս իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն իրենց մասնակցութեան համար, յատուկ շնորհակալութիւն` Զեփիւռ Պէրպէրեանին, որ կազմակերպուած ձեւով կ՛ընկերակցի աշակերտներուն եւ ուղղութիւններ կու տայ անոնց, իսկ շնորհակալութեան մեծ բաժինը յայտնեց Լ. եւ Ս. Յակոբեան վարժարանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանին` անոր ունեցած հոգատար վերաբերմունքին ԼՕԽ-ի նկատմամբ, միշտ քաջալերելով ԼՕԽ-ի աշխատանքները եւ արշաւները, ինչպէս նաեւ սերտ գործակցութեան համար ոչ միայն ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, այլեւ յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն հետ:
Մեր գաղութին մէջ նոյնանման գործակցութիւններ մեզ կը զօրացնեն եւ կը քաջալերեն շարունակելու մեր ազգանուէր առաքելութիւնը:

