Ս. Պուլղուրճեան-Սիմիթեանի Այցելութիւնը Լօխ-ի «Նարօտ Արտալճեան» Մանկապատանեկան Գրադարան

ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» մանկապատանեկան գրադարանը երկուշաբթի, 27 մայիս 2013-ին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին հիւրընկալեց մանկական գիրքերու հեղինակ Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը` ընկերակցութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գրադարանի ներկայացուցիչ Սիրուն Վարդապետեանի եւ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, ներկայութեամբ յանձնախումբի ընկերուհիներուն: Յանձնախումբի ատենապետ Մանուշակ Գիզիրեան բարի գալուստ մաղթելով` փոքրիկներուն ներկայացուց օրուան հիւրը:

Հեղինակը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ընթերցանութիւն, բացատրութիւն եւ զրոյց կատարեց աշակերտներուն հետ` իր հրատարակած գիրքին շուրջ: Փոքրիկները հետաքրքրուած լսեցին պատմութիւնը, հարցուցին հարցումներ եւ ստացան յաւելեալ բացատրութիւններ հեղինակին կողմէ: Սիրուն Վարդապետեան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնելով հեղինակին` գնահատեց անոր այցելութիւնը ԼՕԽ-ի գրադարան:

Հանդիպումի աւարտին իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ հեղինակին մակագրութեամբ նուէր «Տը լիթըլ սիտըր թրի» գիրքը եւ էջացոյց մը, որմէ ետք հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ յանձնախումբի ընկերուհիներուն կողմէ: Շնորհակալութիւն` մեր ազնիւ հիւրին եւ բոլորին վարձքը կատար:

Share this Article
CATEGORIES