2013 Տարի… «Հայ Մօր» Տարի…

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի մասնաճիւղերը ամէն տարի տարեկան իրենց ծրագրին մէջ անպայման յատուկ ձեռնարկ մը կը կազմակերպեն` նուիրուած հայ մօր:

Այդ մասնաճիւղերէն մէկն էր Ամանոսի շրջանին մէջ գործող «Կարինէ» մասնաճիւղը, որ 23 մայիս 2013-ին Զալքայի «Պուզըր» ճաշարանին մէջ համախմբած էր շրջանի մայրերն ու մեծ մայրերը: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութենէն ընկերուհիներ:

Մուտքին ներկաները դիմաւորուեցան վարչական ընկերուհիներու կողմէ ծաղիկներով, հայկական երգերու խտասալիկով եւ հայ մօր նուիրուած գրութիւններով:

Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Անի Թիմիճեան, որ շնորհաւորեց հայ մայրերը, բոլորին մաղթեց առողջութիւն, իսկ կեանքի մէջ` միշտ յաջողութիւն եւ ուրախութիւն: Ապա հրաւիրուեցաւ տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, որպէսզի փոխանցէ օրուան խորհուրդը:

Ան նախ ներկաներուն կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին 2013-ի պատգամին վերջին պարբերութիւնը` «Հայ մայրը այսօր նոր մարտահրաւէրներու դիմաց»:

Ապա մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հայ մօր պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն` ոչ միայն իր ընտանիքին նկատմամբ, այլ` հայ ազգի հայապահպանման աշխատանքին մէջ, վերյիշեցնելով, որ մեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը պէտք է վստահինք հայ դպրոցին, հայ ակումբին, հայ միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, իսկ յատուկ կերպով շեշտեց, որ իգական սեռին մղումը անդամագրուելու ԼՕԽ-ի շարքերուն` իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ ԼՕԽ-ը, երէց ընկերուհիներու կողքին, կարիքը ունի նաեւ երիտասարդուհիներու` շարունակելու համար երէց սերունդին սկսած աշխատանքը:

Հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները փոխանցելը բաւարար չէ մեր զաւակներուն, նաեւ մեր բարեկիրթ վերաբերմունքով օրինակ պէտք է հանդիսանանք անոնց:

Բժշկուհին բացատրեց նաեւ, թէ ուրկէ՛ եկած է «Մայրերու օր» տօնին գաղափարը, եւ թէ ինչպէ՛ս կը տօնուի այդ օրը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Ձեռնարկին մթնոլորտը ճոխացուց երգիչ Րաֆֆի Զաքարեան:

Տեղի ունեցաւ տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը, կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ օրուան վիճակահանութեան բաժինը, բախտաւորները ստացան գեղեցիկ նուէրներ:

Յարգանք հայ մօր ոչ միայն մայիս ամսուն ընթացքին, այլ` ամէն օր, ամէն ժամ, մեր կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանին:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES