Հայկական Տոհմիկ Օր
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, նախագահութեամբ Իզապէլ Տեկիրմենճեանի եւ հովանաւորութեամբ Պ. Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութիւններուն, նաեւ` գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, շաբաթ, 11 մայիս 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, զոյգ քաղաքապետներուն եւ օրուան նախագահուհիին կողմէ տեղի ունեցաւ բացումը «Հայկական տոհմիկ օր»-ուան տօնավաճառին:
Բացման խօսքը արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Յովհաննէսեան. ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց քաղաքապետներուն, նախագահուհիին, բոլոր բարերարներուն, որոնց շնորհիւ այս ձեռնարկը յաջողեցաւ եւ, վերջապէս, ԼՕԽ-ի կամաւոր ընկերուհիներուն, որոնք չխնայեցին իրենց ժամանակը եւ իրենց մասնակցութեամբ կարելի դարձուցին այս օրը:
Ապա յուշանուէրներ յանձնուեցան:
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Շրջանային վարչութիւնը այս առիթը կ՛ընծայէ մասնաճիւղերուն` պատրաստելու եւ վաճառելու հայկական համեղ ճաշեր, անուշեղէններ եւ ձեռային աշխատանքներ. արդէն առաւօտեան կանուխ ժամերուն ընկերուհիները գրաւած էին իրենց կրպակները. ուշագրաւ էին ԼՕԽ-ին լոկոն կրող միօրինակ թի-շըրթները, զորս հագած էին մասնակցողները:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը բերաւ Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտական պարախումբը «Ղափամա» պարով, ապա ազգագրական երգերու մեկնաբանութեամբ հանդէս եկան Սեւան Մեթլեան` իր նուագախումբով, Շաքէ Պաղտասարեան եւ Սեւան Ադամեան:
Ապա շարք մը մանկական երգերով եւ Նապիկի ընկերակցութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց Նայիրա Պաղտասարեան:
Գեղարուեստական յայտագրին փակումը կատարեց Ազգ. Ս. Խանամիրեան վարժարանի աշակերտական պարախումբը, որ ներկայացուց հայկական հարսանիք մը եւ արաբական ֆոլքլորը:
Յայտագրի աւարտին Շրջանային վարչութիւնը յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց երգչուհիներուն եւ զոյգ վարժարաններու տնօրէններուն, որոնք սիրայօժար ընդառաջեցին եւ իրենց մասնակցութեամբ ճոխացուցին ձեռնարկը:
Օրը ունեցաւ իր յաջող աւարտը. ուտեստեղէնները վաճառուեցան եւ ընկերուհիները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան:

