«Մեղրի» Մասնաճիւղին Գունաւոր Ծաղկեփունջը
ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Ուրբաթ, 10 մայիս, Պէյրութի «Մեղրի» մասնաճիւղի ակումբին մէջ շատ համակրելի, տաքուկ, մտերմիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ:
Սեղաններուն վրայ` գարնան եղանակին բացուող գոյնզգոյն թաղարներ` կարմիր, վարդագոյն, մանիշակագոյնի երանգներով, համով տուրմեր` ամէն մէկ սպասի դիմաց, համադամ ուտելիքներ` ԼՕԽ-ականներուն կողմէ պատրաստուած:
Շաղիկ Մկրտիչեանի խանդավառ ներկայութիւնը ինքնին հիւրասիրութիւն մըն էր. ան կարդաց Զ. Խրախունիէն «Լեռը»` յիշեցնելով մեզի մեր ազգային պատկանելիութիւնը, կարդաց նաեւ «Մայրիկ» կտորը` գողտրիկ յուզումով:
Հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Ատուր Մկրտիչեանի մուտքը` քամանչայով եւ Արամ Փափազեանին` թմբուկով, խոստմնալից երկու աղուոր երիտասարդներ, որոնք գեղեցիկ փունջ մը հրամցուցին նուագելով:
Մայրերու օրն ու Համբարձումը միաձուլուած էին մէկ յայտագիրի մէջ: Նուագին յաջորդեց երգը Սիրան Արծրունիի, որ երգեց շատ մաքուր ու բիւրեղ ձայնով` «Ես լսեցի մի անուշ ձայն»…
Պարեղանակներու ընդմէջէն աչքիս առջեւ եկաւ մասնաճիւղի արուեստագէտ եւ աշխուժ ընկերուհիներէն վաղամեռիկ Կարինէ Ալեքսանտրեանը, որ վստահ իր շնորհալի ու նուրբ հասակով, ոտքի ճկուն շարժումներով վայելք մը եւս պիտի աւելցնէր այս հաւաքոյթին: Երանի՜ մեզի հետ ըլլար ու պարէր, մտածեցի: Ափսո՜ս:
Կրկին ծափ ու գոհունակութեան արտայայտութիւններ, ժամերը սահեր էին եւ չէինք զգացած, մեկնեցանք թեթեւ սրտով` մաղթելով ողջ մնալ ու տեսնուիլ կրկին:
Շնորհակալութիւն ընկերուհիներ,
Վարձքերնիդ կատա՛ր:

