ԼՕԽ-ն Ու Հայ Մայրը
Պատահականութեան մը արդիւնքը չէր Լիբանանահայ օգնութեան խաչի ծնունդը, այլ` ազգին բիւր կարիքները հոգալու անմիջական հրամայականը, որ հայ կինը լծեց նուիրական առաքելութեան մը, որ կ՛իմաստաւորուի լոկ երկու բառով` «Ծառայել ազգին»:
Իսկութեան մէջ հայ կինը հայ մօր տիպարն է, որ կոչուած է սերունդներ կերտելու. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2013 թուականը հռչակեց «Հայ մօր տարի»` նշելով, թէ
– Հայ մայրով հայը հայ մնաց պատմութեան ամեհի ալիքներուն դիմաց:
– Հայ մայրով հայը հայ մնաց ներկայ ժամանակներու ինքնութեան ապականող հոսանքներու դիմաց:
– Հայ մայրով հայը հայ մնաց գալիք բոլոր ժամանակներու մարտահրաւէրներուն դիմաց:
Ուստի հարկ է ըլլալ զգաստ` մեզ շրջապատող խաբուսիկ պատրանքներուն դիմաց, հայ մայրը եղած է եւ կը մնայ անխորտակելի կռուանը հայ ընտանիքին, միշտ յանձնառու եւ առաքինի: Ան գաղթականութենէն ցայսօր հաւատացած եւ պայքարած է յանուն ազգի գոյատեւման` պահելով իր մայրենի քաղցրահունչ լեզուն, իւրայատուկ մշակոյթն ու աւանդութիւնները:
Արդարեւ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը քաջ գիտնալով, թէ ինք մայրն է ազգին, իսկական մայրական հոգածութեամբ օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ հայ կարօտեալին` առանց խտրութիւն դնելու իր զաւակներուն միջեւ. գաղտնիք չէ այսօր, որ ԼՕԽ-ի ուսերուն աւելցած են նաեւ մեր սուրիահայ քոյր-եղբայրներուն ծովածաւալ կարիքները: Արդ, չտատամսինք մեր այս աննման կանացի կազմակերպութեան առաքելութեան սատարելու, որ անկարելին կը դարձնէ կարելի` ժողովուրդէն առնելով, ժողովուրդին տալով:
Այո՛, Հայ մօր տարի է, այս առթիւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յարաբերական յանձնախումբը մայիս 16-ին յատուկ ձեռնարկով մը պատուեց լիբանանահայ մայրերը:
Հայ մայրն ու ԼՕԽ-ականը ըլլալով նոյն դրամին տարբեր երեսները` աներեւոյթ եւ անքակտելի կապով մը միացած են իրարու, եւ այս կապէն է, որ ծնունդ կ՛առնեն ԼՕԽ-ի պատմութեան հրաշքները:
Ուստի բիւր յարգանք եւ բիւր պատիւ` հրաշք ծնող մեր հրաշագործ մայրերուն, որոնց շնորհիւ հաստատ ու աննահանջ սլացքով ԼՕԽ-ը պիտի թռչի վեր` նուաճելու նոր գագաթներ:
ԼՕԽ-ԱԿԱՆ

