Ըստ Սպանական Մամուլին. Ռէալ Մատրիտի Համակիր Խուլիօ Իկլեզիաս Օգնեց Նէյմարի, Որ Մեկնի Պարսելոնա
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը երէկ` ուրբաթ, 7 յունիսին, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ հաղորդեց, որ ըստ սպանական մամուլին, սպանացի երգիչ եւ Ռէալ Մատրիտի համակիր Խուլիօ Իկլեզիաս, տրամադրելով իր անձնական օդանաւը, օգնեց պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի, որպէսզի ան մեկնի Պարսելոնա եւ ամբողջացնէ իր փոխանցումը իր նոր կազմին հետ:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտ քիչ մը ուշացաւ 21 տարեկան Նէյմարի ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու առումով:
Իկլեզիասի մասին իբրեւ յաւելեալ տեղեկութիւն նշենք, որ ան նախքան երգիչ ըլլալը իբրեւ բերդապահ մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի երիտասարդներու կազմին:
CATEGORIES Մարզական

