Եւրոպայի 21 Տարեկանէն Վար 2015-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Իսլանտա` 1-2

Հինգշաբթի, 6 յունիսին, Երեւանի Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ 2015-ի Եւրոպայի 21 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Հայաստան – Իսլանտա զտումի մրցումը:

Հիւր կազմը 43-րդ վայրկեանին բացաւ հաշիւը` շնորհիւ Էմիլ Աթլասոնի:

Բ. կիսախաղին հայրենի կազմը յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել` շնորհիւ Աշոտ Սարդարեանի նշանակած կոլին (67-րդ):

Սակայն պատահեցաւ անսպասելին եւ մրցումին վերջին վայրկեանին նոյնինքն Աթլասոն նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:

Մրցումէն ետք երիտասարդներու հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան յայտարարեց ըսելով. «Մեր կազմէն լաւագոյնը կեդրոնի յետսապահ Վարազդատ Հարոյեանն էր: Հաւաքականը միասին մրցում կատարելու մեծ փորձառութիւն չունի, ինչ որ տեսնուեցաւ դաշտին վրայ: Եթէ քիչ մը աւելի յարձակումներ կատարէինք, կրնայինք նշանակել մեր երկրորդ կոլը: Թէեւ Իսլանտա ֆիզիքապէս լաւ էր, բայց մեր տղաքը գերազանցեցին հիւր կազմին»:

Աւարտին ան ոչինչ յայտարարեց, թէ ապագային ինչի՞ վրայ պիտի աշխատի, որպէսզի սխալները սրբագրէ:

Նշենք, որ զտումի այս մրցումը Հայաստանի համար առաջինն էր Ժ. խմբակին մէջ, մինչ Իսլանատա, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը:

Share this Article
CATEGORIES