Հանդիսաւոր Բացում` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ «Յակոբ Եւ Սօսի Չիլինկիրեան» Սրահին

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հինգշաբթի, 6 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին բացումը կատարուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին, ներկայութեամբ կուսակցական, զինուորական  ու միութենական ներկայացուցիչներու եւ շրջանի ազգայիններու հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց  Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ թաղականութեան քարտուղար Գէորգ Նալպանտեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ողջունեց  Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան ամոլին ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը, ապա խօսքը փոխանցեց  Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ  թաղական խորհուրդի ատենապետ` գնդ. Գօգօ Արապաղեանին: Գնդ. Արապաղեան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ այսօր ուրախ օր մըն է, քանի որ «հայու հոգին կը սաւառնի մեր վերեւ` ողջունելով  Պուրճ Համուտի հայաշունչ կեանքը աշխուժացնելու կոչուած կատարուած գործի մը  արդիւնաբերութիւնը»: «Այսօր մարտահրաւէր մըն է, որ կը բանանք ի տես` հայահոծ շրջաններուն մէջ արձանագրուող օտար թափանցումներուն», ըսաւ Արապաղեան եւ աւելցուց, որ այսօր Պուրճ  Համուտի դիմագիծը կը կարօտի յաւելեալ  խնամքի: «Երկրին անորոշ պայմաններուն բերումով, սրահ, դպրոց, եկեղեցի մնացած էին իրենց նախկին վիճակին մէջ, սակայն այսօր անհրաժեշտ կը զգանք  զարկ տալու եկեղեցւոյ բարօրութեան  եւ բարեզարդման հոլովոյթին, որպէսզի կասեցնենք  հայ երիտասարդներու  եւ ընտանիքներու ներքին գաղթը դէպի  աւելի փարթամ կարծուող շրջաններ», ըսաւ  Արապաղեան` նշելով, որ իրենց փափաքն է ամրացնել Պուրճ Համուտի «բերդ»-ը` կառուցելով հայկական բնակավայրեր, սրահներ ու ժամանցի զբօսավայրեր: «Բարեբախտաբար ունինք այս սուրբ գործին  համոզուած`  հաւատացեալ ժողովուրդ, որ  իր նիւթական աջակցութեամբ  քաջալերելով եկեղեցւոյ  թաղականութեան  աշխատանքը, խթան հանդիսացաւ եկեղեցւոյ արտաքին ցանկապատին վրայ քարակերտ խաչքարի զետեղման եւ այս սրահի շինութեան, որ գեղեցկացած նոր տեսք  ստացաւ շնորհիւ  Գեղամ արք. Խաչերեանի քաջալերանքին», ըսաւ Արապաղեան` դիտել տալով, որ շրջանը ունի բարերարներ, որոնք սատար հանդիսացան շրջանի բարգաւաճման եւ իրենց լումաներով նպաստեցին  շրջանի զաւակներուն, «սակայն այսօր Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեաններ եկան ցոյց տալու հայու հոգին` մեր ցեղին յանձնուած  նուիրական աւանդ մը, որ վիճակուած է սերունդէ  սերունդ  պահելու եւ պահպանելու մեր ազգային արժէքներն  ու ստացուածքները»: «Այսօր այս սրահը իսկ վաղը` ամրան, դպրոցական արձակուրդի ընթացքին` եկեղեցւոյ երդիքը, ապա ներսը եւ դուրսը պիտի արժանանան նորոգութեան շնորհիւ Յակոբ եւ Սօսի  Չիլինկիրեաններու նիւթական աջակցութեան»,  ընդգծեց Արապաղեան:

Ապա խօսք առաւ ազգային բարերար Յակոբ Չիլինկիրեան, որ խոստանալով երկար չխօսիլ` հակիրճ  ձեւով վերյիշեց իր այս նախաձեռնութեան շարժառիթը, ըսելով. «Երկու զինուորներ եկան քովս, ատենապետը (գնդ. Գօգօ Արապաղեան, Ա.) եւ Գառնիկը ու անուղակիօրէն  հասկցուցին ու գացին: Ետքը ե՛ս հեռաձայնեցի ու ըսի, թէ հոգ մի՛ ընէք, մի՛ ըսէք, թէ օրերը լաւ չեն: Ես սրահը նախապէս գիտէի, եկայ տեսայ ու հիմա կը տեսնեմ, թէ ի՛նչ լաւ, գեղեցիկ ու յաջող եղած է»: Չիլինկիրեան այս առիթով շնորհակալութիւն  յայտնեց թաղականութեան, տիկնանց  յանձնախումբին, դպրաց դասին եւ անխտիր բոլոր անոնց, որոնք  նպաստած էին այս սրահի բարեզարդման իրագործման: Ան յայտնեց, թէ ազգային կառոյցներուն մէջ պէտք է աշխատիլ առանց ոչ մէկ ակնկալութեան, ազգային գործի մէջ  ոչ մէկ գնահատանք կամ ծափահարութիւն պէտք է ակնկալել ու թելադրեց հարց տալ, թէ մենք ի՞նչ  կու տանք հայութեան` ընդգծելով, որ այդ ոգին մեզ ոտքի կը պահէ:

Ձեռնարկին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի  հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ըսաւ. «Հիմա մենք նոր բարերարութեան առջեւ ենք, սա նորութիւն չէ մեզի համար ու մենք առաջին անգամը չէ, որ  բարերարութեան մը գեղեցիկ մէկ արդիւնքին  կամ պատկերին առջեւ ենք»: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ «այս սրահը  ձեր տրամադրութեան տակ է ու անիկա կը բաւարարէ շրջանի ժողովուրդին կարիքները,  կը բարելաւէ ժողովուրդին հոգեվիճակը: Բարերարութիւն մը առիթ կու տայ նոր բարերարութեան, բարեգործութիւնը ուրիշ բարեգործութեան դուռ կը  բանայ: Տակաւին տարիներով կրնայինք հոս, այս առաջնորդարանը մնալ, եթէ Երջօ Սամուէլեանի բարերարութեամբ  մեր նոր վայրը  չկառուցուէր: Անոր բարերարութիւնը առիթ տուաւ այսօրուան այս բարերարութեան»: Սրբազանը յիշեց, թէ Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը  ունի իր մնայուն բարերարը` Լութֆիկ Սարգիսեանը, որուն բարերարութիւնը կը շարունակուի` հոգալով դպրոցին կարիքները: «Այսօր հանգուցեալ Լութֆիկ Սարգիսեանէն ետք, անոր գործը կը շարունակեն իր զաւակները», ընդգծեց սրբազանը` նշելով, որ «գործ»-ը կը խօսեցնէ անձին մասին: «Այսօր իրենց այս բարերարութեամբ Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեանները մեզի բարոյական դաս տուին, թէ` կարելի չէ պատճառաբանել օրուան աննպաստ  պայմանները: Ժամանակները, պայմանները միշտ ալ ապահով չեն, միակ ապահովը գո՛րծն է:  Կրնար պատահիլ, որ եթէ այս սրահին յատկացուած բարերարութեան գումարը տեղ մը պահ դրուէր, հաւանաբար կորսուէր կամ գողցուէր, ինչպէս որ պատահեցաւ ու մարդիկ  գիշերը միլիոնատէր քնացան, առաւօտուն սնանկացած արթնցան: Սակայն սրահը եւ անոր կատարուած բարեգործութիւնը չեն գողցուիր, չեն կորսուիր, ընդհակառակն` կը մնան ու կը գոյատեւեն` ուրախացնելով զայն օգտագործող հաւատացեալ ժողովուրդը, իւրաքանչիւր հայու ուրախութիւնը հազար կ՛արժէ, քիչ դրամով շատ բան կ՛ընենք», ընդգծեց Գեղամ սրբազան «Ասոնք,  այս բարերար գործերը իրարու ձեռք կու տան եւ մեր կեանքը կը գեղեցկացնեն», եզրափակեց Գեղամ սրբազան Խաչերեան:

Աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան յատուկ ընդունելութեան:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES