Ակնարկ. Սպասելով Էրտողանի Սխալ Քայլին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բազմահազար համակիրներ 6 յունիսի ուշ գիշերին «գործուղուեցան» Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայան` դիմաւորելու համար Թուրքիոյ «վիրաւոր» վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, որ իր համակիրներուն առջեւ խօսք մը արտասանելով շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց «հանդարտ մնալուն եւ պատասխանատու կեցուածքին համար, ինչպէս նաեւ բարի կամեցողութեան փաստը տալուն համար, եւ այժմ բոլորս մեր տուները պիտի վերադառնանք»:

Էրտողան նախապէս սպառնացած էր, որ ինք կրնայ իր դէմ ցոյց կատարող քսան հազարին դիմաց երկու հարիւր հազար ցուցարարներ հրապարակ դուրս բերել: Պոլսոյ օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ուժի ցուցադրութիւնը այդ սպառնալիքը վերյիշեցնելու եւ ատոր լրջութեան պատգամը փոխանցելու համար կազմակերպուած էր:

Էրտողան այդտեղ արտասանած իր խօսքով կու գայ ցուցարարներուն ուշադրութեան յանձնելու, թէ «մենք մինչեւ հիմա հանդարտ մնացինք եւ այդ մէկը կատարեցինք բարի կամեցողութենէ մղուած, սակայն եթէ ցոյցերը շարունակէք, մեր կեցուածքը կրնանք փոխել», եւ իր ձայնը փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչի միացնելով ցուցարարներէն պահանջեց ցոյցերուն «անմիջապէս վերջ տալ»:

Ցուցարարները անդրդուելի կը մնան. եթէ Էրտողան իր սպառնալիքը գործադրելու մեծ սխալը գործէ, «Թրքական գարուն»-ը մուտք պիտի գործէ «Արաբական գարնան» եգիպտական դիպաշարի այն հանգրուանը, երբ նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կացնաւոր համակիրներուն եւ ցուցարարներուն միջեւ արիւնալի բախումներ տեղի ունեցան եւ բազմաթիւ զոհեր արձանագրուեցան:

Այդպիսի զարգացում մը առաւել մեծ վնաս պիտի պատճառէ Թուրքիոյ վարկին եւ պատճառ դառնայ, որ երկրէն արդէն երես դարձուցած զբօսաշրջիկներէն ետք փախուստի դիմեն նաեւ օտարերկրեայ ներդրողները, որոնք, ինչպէս ծանօթ է, անկայունութենէն կը խորշին: Այդպիսի զարգացումի մը պարագային վերջին իրադարձութեանց սկիզբէն ի վեր արդէն անկումի մէջ եղող Պոլսոյ սակարանը գահավիժելով` թրքական տնտեսութիւնը դէպի անդունդ պիտի տանի` չքացնելով Էրտողանի աւելի քան տասը տարուան իշխանութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկը:

Թուրքիոյ վարչապետը թուրք ցուցարարներուն հասցէին իր սխալ արտայայտութիւններով երկրին վարկին ծանր հարուած հասցնելէ ետք, իր մեծամոլութեան պատճառով, 2023-ին աշխարհի 10 մեծագոյն տնտեսութիւններէն մէկը դառնալու Թուրքիոյ երազը լրջօրէն վտանգող այդ սխալ քայլին ալ պիտի դիմէ՞: Սպասենք դէպքերու զարգացումին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES