Էրտողան Ցուցարարներէն Կը Պահանջէ Անմիջապէս Վերջ Տալ Ցոյցերուն
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մարոք, Ալճերիա եւ Թունուզ կատարուած շրջապտոյտէն իր վերադարձէն անմիջապէս ետք պահանջեց «անմիջապէս վերջ տալ ցոյցերուն, որոնք իրենց ժողովրդավարական բնոյթը կորսնցուցին եւ վերածուեցան խափանարարութեան»:
Ան Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ զինք դիմաւորելու եկած հազարաւոր համակիրներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց հանդարտութեան համար եւ զանոնք հրաւիրեց «տուն վերադառնալու»:
Էրտողան նշեց, որ ինք 76 միլիոն թուրք քաղաքացիներու կը ծառայէ առանց խտրութեան: «Չենք կրնար աչք խփել օրինազանցութեանը անոնց, որոնք մեր քաղաքներն ու պետական կալուածները կը քանդեն եւ մարդոց վնաս կը պատճառեն»:
Ան ողջունեց ոստիկանութիւնը, «որ մեր ապահովութիւնը պահպանելու համար իր գործը կը կատարէ: Անիկա ահաբեկիչներուն, անիշխանականներուն եւ խափանարարներուն դէմ պատնէշ է»:
Ուաշինկթըն Անգամ Մը Եւս
Կը Քննադատէ Էրտողանը
Երկրին մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն «ահաբեկիչներու» մեղսակցութեան մասին Էրտողանի յայտարարութենէն ետք, Միացեալ նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը թրքական իշխանութիւնները յորդորեց «անօգուտ» յայտարարութիւններ չկատարել: «Անշուշտ, կը շարունակենք խաղաղ կերպով ցոյց կատարող եւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը գործադրող անձերուն զօրակցիլ եւ այդտեղի պաշտօնատարները կը քաջալերենք Թուրքիոյ մէջ կացութիւնը հանդարտեցնելու չծառայող անօգուտ յայտարարութիւններէ ու մեկնաբանութիւններէ զերծ մնալու»:
Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճենիֆըր Փսաքի յայտնեց, որ «ցուցարարներուն մեծամասնութիւնը բաղկացած է պարզ քաղաքացիներէ, որոնք խօսքի ազատութեան իրենց իրաւունքը կը կիրարկեն» եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի այս շաբաթ իր թուրք պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին ցոյցերուն նկատմամբ «իր մտահոգութիւնը» փոխանցած էր:
Նշենք, որ նշեալ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Տաւութօղլու գանգատելով ամերիկեան իրերայաջորդ քննադատութիւններէն յայտնած էր. «Թուրքիա երկրորդ կարգի ժողովրդավարութիւն մը չէ»:

