«Սուրիոյ Մէջ Փոխանցման Յառաջիկայ Մարմինը Պէտք Է Կառավարութենէն Եւ Ընդդիմութենէն Կազմուած Ըլլայ» Կ՛ըսէ Պոկտանով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ այն, ինչ որ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովէն ծնունդ պիտի առնէ, սուրիական կառավարութենէն եւ ազգային ընդդիմութենէն կազմուած համաձայնական փոխանցման մարմին մըն է` շեշտելով, որ այդ մարմինը պէտք է փոխանցման հանգրուանին ընթացքին գործադիր բոլոր լիազօրութիւնները ունենայ:
Պոկտանով «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ այդ մարմինին մէջ պէտք է ներկայացուի ազգային ընդդիմութիւնը, որ սուրիական հասարակութեան մէջ ազդեցութիւն ունի` նշելով, որ սուրիական հողերուն վրայ սպանութիւններ կատարող արմատական ծայրայեղական բոլոր ուժերը պէտք չէ երկրին մէջ ապագայ փոխզիջումային լուծումի հոլովոյթին մէջ տեղ ունենան:
Ռուս դիւանագէտը յոյս յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը յաջողի սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը համոզել 25 յուլիսին նախատեսուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովէն առաջ իր բանակցող պատուիրակութիւնը ճշդելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ «միջազգային բոլոր դերակատարները պէտք է իրենց կարելին ընեն Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթին ընթացք տալու համար»` նշելով, որ «սուրիական տագնապի միջազգայնացումը բազմաթիւ վտանգներ կը պարունակէ»:
Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Քուսէյրի մէջ զինուորական գործողութեանց վերաբերեալ «կեղծաւոր յայտարարութիւններ» կան: Ան նշեց, որ «Քուսէյրի մէջ զինեալներու մարզումի մասնագէտներ գոյութիւն ունին եւ հոն տեղի ունեցածին որեւէ աղաւաղում անընդունելի է»` աւելցնելով, որ իր երկիրը քաղաքայիններու ճակատագիրով խորապէս մտահոգ է: «Կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կողմէ մարդկայնական օրէնքի սկզբունքները յարգելուն վրայ կը պնդենք, սակայն որեւէ կեղծաւորութիւն անընդունելի է»:
Լաւրով յայտնեց, որ «այսպէս կոչուած Սուրիական ազատ բանակին եւ ամերիկացի պաշտօնատարներու այն յայտարարութեան նկատմամբ, թէ ընդդիմութեան աջակցութիւնը կը շարունակուի, մեծ վերապահութիւններ ունինք, եւ ատիկա անել ճամբայ է»: «Սուրիական ընդդիմութեան զինումը մեզ դէպի մութ փապուղի կ՛առաջնորդէ», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է վերադառնալ նախաձեռնութեանց, ինչպէս` ռուս-ամերիկեան նախաձեռնութեան, եւ մտածել սուրիացի ժողովուրդին կացութեան մասին, ժողովուրդ մը, որ տագնապին պատճառով կը տառապի»:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Մոսկուա համամիտ գտնուած է, որ սուրիական բանակն ու ապահովական ուժերը «ամբողջական լիազօրութեանց տէր» փոխանցման կառավարութեան մը իշխանութեան տակ ըլլան: Գահիրէի մէջ արաբական աղբիւր մը իր կարգին «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Ասատ մինչեւ 2014 իր պաշտօնին վրայ պիտի մնայ, «սակայն առանց լիազօրութեան»` նշելով, որ Սուրիոյ կառավարման լիազօրութիւնները պիտի փոխանցուին «ամբողջական լիազօրութեանց տէր, ներառեալ` ապահովութեան եւ պաշտպանութեան հարցերու լիազօրութեանց տէր փոխանցման կառավարութեան մը»:
Իսրայէլի պաշտպանութեան փոխնախարար Տանի Տանոն յայտարարեց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ ընթացող տագնապին չի միջամտեր, սակայն այդտեղի զարգացումներուն մտահոգութեամբ կը հետեւի»:


