Ցուցարարները Շրջափակած Են Պոսնիոյ Խորհրդարանի Եւ Կառավարութեան Շէնքը

Սարայեւոյի մէջ հազարաւոր քաղաքացիներ շրջափակեցին Պոսնիոյ խորհրդարանի եւ կառավարութեան շէնքը, ուր կը գտնուէին երեսփոխաններ, կառավարութեան շուրջ հազար պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ 250-350 օտարերկրացիներ, որոնց մեծ մասը այդտեղ կը գտնուէր Հարաւարեւելեան Եւրոպայի եւրոպական հիմնադրամի խորհրդաժողովին մասնակցելու համար:

Օտարերկրացի հիւրերու շարքին են կեդրոնական դրամատուներու չորս կառավարիչներ եւ բազմաթիւ գործարարներ:

Ցուցարարները իշխանութիւններէն կը պահանջեն վերջնական որոշում տալ անձագիրներու թիւերու վերաբերեալ, առանց որոնց 12 փետրուար 2013-էն ետք ծնածները չեն կրնար անձնական փաստաթուղթեր ստանալ:

Նորածիններու թիւեր տրամադրելու հոլովոյթը դադրեցուած էր երկրին Սահմանադրական դատարանին կողմէ համապատասխան օրէնքը չեղեալ նկատուելէն ետք, սակայն կուսակցական վէճերու պատճառով նոր օրէնք մը մինչեւ օրս չէ որդեգրուած:

Share this Article
CATEGORIES