Սայտայի 4 Դատաւորներուն Սպանութեան 14-րդ Տարելիցին Առիթով. «Մենք Թերացանք» Յայտարարեց Քըրթպաուի
«Մենք թերացանք, գիտենք, թէ որո՞նք ահաբեկեցին ձեզ, բայց անկարող ենք զանոնք ձերբակալելու», յայտարարեց արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի, երէկ Սայտայի դատարանին մէջ 1999-ին սպաննուած չորս դատաւորներու յիշատակին կազմակերպուած տարելիցի իր խօսքին մէջ: «Անոնք ահաբեկուեցան, որովհետեւ իրենց խիղճով կը գործէին», ընդգծեց Քըրթպաուի:
CATEGORIES Լիբանանեան

