Անժելինա Էխհորեսթ Ասորի Պատկան Մարմնի Հետ Քննեց Առեւանգեալ Առաջնորդներու Հարցը
Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ երէկ ընկերակցութեամբ իր խորհրդական` Ռինա Ռազսմուսինի այցելեց Պէյրութի ասորի ուղղափառ առաջնորդարանը, ուր պատկան մարմնի ներկայացուցիչներուն հետ (որոնց կարգին` Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ) քննեց Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու առաջնորդներուն հարցը:
Խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Սուրիոյ քրիստոնեաներու այժմու իրավիճակը` վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ, ուր առեւանգեալ առաջնորդներու փրկութեան յոյսը խիստ տկար է:
CATEGORIES Լիբանանեան

