Հայազգի Էլիզապեթ Սիւզան Քասսապ Մրցանակակիր` Շէյխ Զայէտի Անուան Գիրքի Մրցանքին
«Ապու Տապիի գիրքերու 23-րդ ցուցահանդէսի կողքին կայացած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, շէյխ Զայետի անուան գիրքի մրցանակի երկխօսութեան խորհուրդը ուրբաթ, 26 ապրիլ 2013-ին իր տաղաւարին մէջ ընդունեց այս տարուան «Բարգաւաճումի եւ մարդակերտում»-ի ճիւղի մրցանակակիր դոկտ. Էլիզապեթ Սիւզան Քասսապը, որ խօսի «Ժամանակակից արաբական մտածողութիւնը… մշակութային քննական բաղդատութեան ուսումնասիրութիւնը» խորագրեալ գիրքի իր փորձառութեան մասին:
Մրցանքի գիտական խորհուրդի անդամ դոկտ. Մասուտ Տահեր ներկայացուց հայազգի մրցանակակիրը` յայտնելով, որ ան ծնած է Պուրճ Համուտ 1959-ին եւ աւարտելէ ետք Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB), մասնագիտացած է փիլիսոփայութեան ճիւղին մէջ նոյն համալսարանէն, ապա իր ուսումը կատարելագործած է Զուիցերիոյ Ֆրայպուրկ համալսարանը, ուրկէ եւ շրջանաւարտ եղած է փիլիսոփայութեան դոկտորայի աստիճանով: Ան դասաւանդած է ամերիկեան բազմաթիւ հիմնարկներու եւ համալսարաններու մէջ, ինչպէս` «Եէյլ», «Քոլոմպիա» եւ «Պրաուն» համալսարանները: Ան տուած է բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ եւ գիրքեր` արաբերէնով եւ անգլերէնով: Այս առիթով դոկտ. Տահեր դրուատեց մրցանակակիր բանախօս Էլիզապեթ Քասսապի մշակութային բարձր մակարդակի քննական մտածողութեան իւրայատկութիւնը` նկատի ունենալով բազմաթիւ լեզուներու տիրապետելն ու իր լայն խոր փորձառութիւնը քննական արդի մտածողութեան մէջ: Խօսելով իր գիրքին մասին, որ լոյս տեսած է Պէյրութի «Արաբական միութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն»-էն, Էլիզապեթ Քասսապ յայտնեց, որ արաբական արդի մտածողութեան առնչուող գրեթէ բոլոր ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են գաղափարական, յատկապէս` ազգայնական ու իսլամական հոսանքներուն վրայ` անտեսելով քննական հոսանքը, որ կարեւոր տեղ կը գրաւէ արաբական մտածողութեան մէջ:
Ապա հայազգի բանախօսը մանրամասնեց իր գիրքին պատրաստութեան շարժառիթները` անդրադառնալով արաբական արդի մտածողութեան յատկութիւններուն, արաբ մտաւորականին, անոր դերակատարութեան ու մտաւորական-ժողովուրդ յարաբերութեան: Իսկ իր մրցանակին գծով Քասսապ յայտնեց, որ անիկա «նեցուկ ու խթան է արաբական մտածողութեան»:


