«Պատրաստ Պեթոն Արտադրողները Պարտին Պահել Որակը Եւ Արտադրութիւնը Յանձնեն Պահանջուած Չափանիշերու Մակարդակով» Յայտարարեց Նախարար Վրէժ Սապունճեան
«Շինարարութեան մարզը խիստ կենսական է ու կը նկատուի տնտեսութեան շրջանառութեան չափանիշ», յայտարարեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան` նախանցեալ երեկոյեան բացումը կատարելով «Միասնաբար դէպի մրցակցութեան զարգացում` որակի միջոցով» խորագրեալ խորհրդաժողովին` Տըպպայէի «Լը Ռոյալ» պանդոկին մէջ:
«Պատրաստ պեթոնի արտադրութեան լիբանանեան կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացած այս խորհրդաժողովին ներկայ էին նշեալ կազմակերպութեան նախագահ Ֆարիտ Զղէյպ, նախկին նախարար Էլիաս Հաննա, ճարտարապետներու սենտիքայի նախագահ Էլի Պսայպէս եւ այլ տնտեսական, շինարարական մարզերու բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
Այս առիթով խօսք առին նաեւ Ֆարիտ Զղէյպ, Էլի Պսայպէս, Ֆուատ Խազեն եւ ճարտարապետներ Էլի Ժպրայէլ ու Ռոտոլֆ Մաթար:
CATEGORIES Լիբանանեան

