Շրջանային Վերջին Իրադարձութիւնները Հարցականներ Կը Դնեն Երկրի Ապահովական Վիճակին Շուրջ

Դիւանագիտական աղբիւրները վերջերս մտավախութիւն յայտնեցին շրջանային դէպքերու լիբանանեան հետեւանքներուն գծով: Ըստ «Նաշրա» կայքէջին, անոնք «Ախպար Եաում» լրատուական գործակալութեան ճամբով շեշտելով իրենց մտավախութիւնը անհաւանական չեն նկատած ահաբեկումներու եւ մինչեւ իսկ պայթումներու վտանգը: Ըստ նոյն աղբիւրին, քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններ զգուշացումներ ստացած են արտակարգ ուշադրութեան եւ աչալրջութեան անհրաժեշտութեան գծով` նկատի ունենալով երկրի ապահովական անկայուն վիճակը:

 

Share this Article
CATEGORIES