Անհաւանական Նկատելով Թրիփոլիի Դէպքերու Տարածումը. «Թրիփոլիի Մէջ Բանակի Ծրագիրը Պիտի Գործադրուի» Հաստատեց Նախարար Շարպել

Զգուշաւոր հանդարտութիւնը վերահաստատուեցաւ երէկ երեկոյեան եւ բանակային տարրեր շրջեցան Թրիփոլիի յատկապէս բախումներու վայր հանդիսացած թաղամասերը` չէզոքացնելով չպայթած ռումբերը:

Երէկ յետմիջօրէին բախումները մասնակիօրէն վերսկսած էին` պատճառելով վիրաւորներ եւ նիւթական վնասներ:

Իսկ բանակը նախապէս հաղորդագրութեամբ մը քաղաքացիներէն պահանջած էր դիւրացնել իր առաքելութիւնը, այլապէս զինեալ կերպով հակադարձելու վճռակամութեամբ: Բանակը որոշ չափով յաջողած էր զինեալ երեւոյթները վերացնել եւ արձակազինութիւնը արգիլել:

Թրիփոլիի վիճակը առանցքը կազմած էր անցնող վերջին օրերուն պատկան կողմերու խորհրդակցութեանց: Այս գծով մէկէ աւելի հանդիպումներ ու ժողովներ գումարուած էին առնչակից թէ խաղաղարար կողմերու եւ անձնաւորութեանց միջեւ:

Այս գծով, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել ըսաւ. «Ոչ պատերազմ, ո՛չ պառակտում, պարզապէս իրարանցում է պատահածը»: Ձայնասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին կատարած իր յայտարարութեամբ Շարպել հանգստացուց, թէ ան որ կը կարծէ, թէ Թրիփոլիի դէպքերը պիտի վարակեն համայն Լիբանանը` կ՛երազէ: «Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովութեան ծրագիրը պիտի գործադրուի», հաստատեց Շարպել:

Share this Article
CATEGORIES