Մարդկային Իրաւունքներու Միջազգային Համադաշնակցութիւնը Իր Յատուկ Բանաձեւով Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ Կառավարութեան Ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Մարդկային իրաւունքներու միջազգային համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ կառավարութեան` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ վերջ տալու Հայաստանի շրջափակման: Այս մասին բանաձեւ ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Պոլիս քաղաքին մէջ 23-27 մայիսին կազմակերպուած Մարդկային իրաւունքներու միջազգային համադաշնակցութեան 38-րդ համագումարին ժամանակ: Այս մասին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին երէկ յայտնեց «Քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկ» հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ Արտակ Կիրակոսեան` ամփոփելով համագումարի արդիւնքները: «Մարդու իրաւունքներու միջազգային համադաշնակցութեան անդամ ներկայ 94 կազմակերպութիւններուն կողմէ բանաձեւը միաձայն ընդունուեցաւ հայկական եւ թրքական կազմակերպութիւններուն նախաձեռնութեամբ», նշեց Կիրակոսեան:
Բանաձեւին մէջ, իբրեւ հիմք ընդունելով յստակ պատմական դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ողջունելով այն յառաջընթացը, որ արձանագրուած է Թուրքիոյ մէջ այս հարցին շուրջ բաց ու ազատ բանավէճ ծաւալելու ուղղութեամբ` կոչ ուղղուած է Թուրքիոյ ընդունելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ կազմակերպուած է եւ իրականացուած 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան ներքեւ` երիտթուրքերու կառավարութեան կողմէ: Բանաձեւը կը յորդորէ վերջ տալ Հայաստանի շրջափակման եւ կարգաւորել յարաբերութիւնները առանց որեւէ նախապայմանի, անմիջապէս քայլերու ձեռնարկել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ստեղծելու ուղղութեամբ: Բանաձեւի ընդունման ժամանակ հաշուի առնուած է նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` քաղաքական գործիչները, հասարակական կազմակերպութիւնները, գիտնականները եւ մտաւորականները, ինչպէս նաեւ լրագրողները ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաստատումով բազմաթիւ կոչեր ուղղած են:
1950-ական թուականներուն Մարդկային իրաւունքներու միջազգային համադաշնակցութիւնը արդէն ընդունած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած համագումարին շրջագիծին մէջ իրականացուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ աքսորուած մտաւորականներու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն:
Սոյն բանաձեւը կը յաջորդէ ապրիլ 2010-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Մարդկային իրաւունքներու միջազգային համադաշնակցութեան 37-րդ համագումարի շրջագիծին մէջ վաւերացուած բանաձեւին: Վերջինս ընդունուած էր Երեւանի մէջ սկիզբ առած հայ եւ թուրք իրաւապաշտպան հասարակական կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերուն իբրեւ արդիւնք:
Մարդկային իրաւունքներու միջազգային համադաշնակցութիւնը կը գործէ 1920-ական թուականներէն: Անոր անդամ են 170 կազմակերպութիւններ աւելի քան 100 երկիրներէ: Քաղաքացիական հասարակութեան հիմնարկը կը հանդիսանայ միջազգային այդ համադաշնակցութեան հայաստանեան անդամը: Համադաշնակցութեան 37-րդ համագումարը տեղի ունեցած է ապրիլ 2010-ին` Երեւանի մէջ:

