Նալբանդեան Ելոյթ Ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն Խորհուրդին Մէջ

Աշխատանքային այցելութեամբ Վիեննա գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Եւրոպական խորհուրդին առջեւ դրուած խնդիրներուն, Եւրոպական խորհուրդ-ԵԱՀԿ համագործակցութեան, Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդին եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ համագործակցութեան` Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահը յայտնեց, որ ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութիւնը խթանելու ջանքերուն մէջ Եւրոպական խորհուրդի հիմնական գործընկերներէն մէկն է ԵԱՀԿ-ը: Նալբանդեան աւելցուց, որ երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան մակարդակը, որ կ՛արտայայտուի խորհրդակցութիւններու եւ բարձրաստիճան հանդիպումներու մնայուն ձեւաչափով, անոր ապացոյցներէն մէկն է:

2004 թուականէն ի վեր համագործակցութիւնը ամրապնդուած է յատկապէս ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան, ահաբեկչութեան, մարդոց վաճառքի դէմ պայքարի եւ հանդուրժողականութեան խթանման մարզերուն մէջ:

Եւրոպական խորհուրդը եւ ԵԱՀԿ-ը սերտ համագործակցութիւն հաստատած են շարք մը մարզերու մէջ, ինչպէս` լրատուամիջոցներու ազատութիւնը, ընտրութիւններու դիտարկումը: Երկու կազմակերպութիւններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ որոշ անդամ-պետութիւններուն մէջ, ուր երկուքն ալ ներկայացուցչութիւններ ունին:

Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը իր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի պահէ Եւրոպական խորհուրդի եւ ԵԱՀԿ-ի միջեւ ուղղորդուած եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը աւելի զարգացնելուն ուղղուած քայլերը:

ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդի նիստին ելոյթ ունեցան նաեւ Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Անտորրայի, Վրաստանի, Պիելոռուսիոյ եւ Զուիցերիոյ պատուիրակութիւններու ղեկավարները, որոնք շնորհաւորելով նախարար Նալբանդեանը Եւրոպական Խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը ստանձնելուն առնչութեամբ, իրենց երկիրներու աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններու իրականացման:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ բարեկամ Հայաստանի հետ Ռուսիա կը զարգացնէ դաշնակցային ու ռազմավարական յարաբերութիւններ:

Ան նշեց, որ Ռուսիա կը կիսէ Հայաստանի կողմէ հռչակուած առաջնահերթութիւնները եւ ողջունեց եւրոպական գործերուն մէջ Եւրոպական խորհուրդի դերակատարութիւնը բարձրացնելու Հայաստանի նպատակը, որ «ամբողջովին կը համընկնի այդ կազմակերպութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ տեսլականին` իբրեւ եւրոպական կարեւորագոյն կառոյցներէն մէկը, որ կրնայ իր նպաստը բերել առանց բաժանարար գիծերու Մեծն Եւրոպայի կառուցման գործին մէջ»:

«Միացեալ Նահանգներ եւ Հայաստան ամուր գործընկերութիւն ունին բազմաթիւ հարցերու շուրջ` խաղաղութիւն եւ շրջանային ապահովութեան պահպանում, առեւտուրի եւ ներդրումներու խրախուսում, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդում: Միացեալ Նահանգներ կը գնահատեն Հայաստանի ներդրումը Աֆղանիստանի մէջ մեր միասնական առաքելութեան եւ Քոսովոյի մէջ խաղաղապահ գործունէութեան: Կը մաղթենք Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան ամենայն յաջողութիւն», նշեց Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան ղեկավարը:

ԵԱՀԿ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը իր խօսքին մէջ շնորհաւորելով Հայաստանը Եւրոպական Միութեան նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը ստանձնելուն առիթով` ողջունեց Հայաստանի որոշումը Եւրոպական խորհուրդի նախագահութեան ընթացքին կեդրոնանալ այնպիսի առաջնահերթութիւններու վրայ, որոնք նաեւ կը գտնուին ԵԱՀԿ-ի օրակարգին վրայ: Ան կարեւոր նկատեց, որ Հայաստանի առաջնահերթութիւններու շարքին կը գտնուին եւրոպական արժէքներու յառաջ մղումը, Եւրոպայի մէջ ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ պայքարը եւ այդ նիւթով բարձր մակարդակի յանձնախումբի կազմակերպումը:

Share this Article
CATEGORIES