Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ուրիշներուն պատասխանատուութիւնները ձեր վրայ մի՛ առնէք: Այսօր ունիք ձեր անձնական պարտաւորութիւնները, զանոնք կատարեցէք անպայման:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Աշխատանքի մէջ յառաջ պիտի մղէք օրուան գործերը յաջող ընթացքով: Պիտի ուղղէք լաւ եւ օգտակար հարցումներ եւ պիտի ստանաք դրական պատասխան:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շրջապատուած էք խելացի եւ զարգացած անձերով: Օգտուեցէք անոնց ներկայութենէն: Օրը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ` նիւթական եւ բարոյական իմաստներով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անձի մը արտաքին տեսքն ալ կարեւոր է, որքան` ներքին ուժը: Կարեւորութիւն տուէք ձեր յարդարանքին, հագուածքին: Մարդիկ ձեզ կը դատեն նախ ձեր արտաքին երեւոյթով, տեսքով: Նկատի առէք այս պարագան:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հանգիստի, խորհրդածութեան ժամանակին կը յաջորդէ աշխատանքի պահը: Սկսեցէք ձեր գործունէութեան եռանդով եւ լաւատեսութեամբ: Օրը կ՛օգնէ ձեզի` յառաջդիմելու:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Միացէք ձեր բարեկամներուն, միասնաբար զուարթ պահեր անցուցէք: Քիչ մը խնդալ, զուարճալիքներ պատմել` փոխուելու լաւ առիթներ են:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի յառաջդիմէք քայլ առ քայլ: Ձեր շուրջը դրական փոփոխութիւններ կան, հետեւեցէք ստեղծուած շարժումներուն, որպէսզի ունենաք հոգեկան գոհունակութիւն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կը սիրէք մշակոյթը, արուեստը: Այսօր ձեր փափաքը պիտի հակի դէպի գիրքերը, ընթերցանութիւնը: Կրնաք զբաղիլ նաեւ համացանցի պրպտումով:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր պիտի ունենաք շինիչ գործունէութիւն: Ժամանակը հասած է շինելու եւ ոչ` քանդելու: Շարունակեցէք նոյն տրամադրութեամբ, կը յաջողիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ նոր գործունէութեան մը սկսած էք կամ նոր շրջանակի մը մէջ կը գտնուիք, ճիգ մը ըրէք համակրելի երեւնալու համար ձեր գործակիցներուն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօրուան աշխատանքին համար ի գործ պիտի դնէք ձեր բոլոր գիտելիքները: Այսպիսով, ցոյց պիտի տաք եւ երեւան պիտի գայ, թէ ի՛նչ մարզի մէջ է ձեր բուն կարողականութիւնը, ձեր գիտութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վիպային տրամադրութիւն ունիք, ժամանակն ալ հասած է: Ուրեմն արտայայտեցէք ձեր սէրը: Եթէ արկածախնդրութեան փափաք ունիք, օրը յարմար է զուարճանալու:

Share this Article
CATEGORIES