50 Տարի Առաջ (10 Յունիս 1963)
Խմբագրական
Հայկական Պէյրութը
Ազգային-մշակութային գետնի վրայ Պէյրութ կ՛ապրի արտակարգ եռուզեռ մը, մանաւանդ` այս ամիսներուն: Այս եռուզեռը տարուէ տարի կ՛աճի` տալով ապացոյցը կենսունակութեան մը, որ ունին մեր գաղութին մէջ գործող ազգային, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններ, այլազան հոսանքներու, այլազան հատուածներու եւ զանազան շրջաններու եւ թաղերու մէջ:
Ամբողջութիւնը այս բոլորին` հայկական ոգիի գեղեցիկ արտայայտութիւն մը, սրտապնդիչ ու ոգեւորող, որուն առջեւ իւրաքանչիւր հայ կը զգայ արդար հպարտութիւն մը եւ ուրախութիւն մը միաժամանակ:
Թերթերու ծանուցումներու սիւնակները ամէն օր կը լեցուին դպրոցական, գեղարուեստական եւ թատերական հանդէսներու յայտարարութիւններով: Նոյն համեմատութեամբ նաեւ կը լեցուին սրահները: Ճիշդ է` երբեմն տրտունջներ կը լսուին, արդար կամ անարդար, ձեռնարկներու բազմազանութեան մասին, գլխաւորաբար անոր համար, որ ներդաշնակութեան պակաս մը գոյութիւն ունի, բայց եւ այնպէս, սրահները միշտ կը լեցուին, բարոյական եւ նիւթական շօշափելի շահեր կ՛ապահովուին` ի նպաստ գործունեայ այդ միութեանց եւ հաստատութիւններու, եւ անոնց ճամբով` հայ գիրին ու դպրութեան:
Միութենական այս գործունէութեան կողքին, նոյնքան ուրախալի երեւոյթ է նաեւ տեսնել հայ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ, որոնք անձնական ձեռնարկներ կը կատարեն` իրենց տաղանդն ու ձիրքերը դրսեւորելով արուեստասէր հասարակութեան:
Այս բոլորը մէկ յայտարարի վերածելով` կ՛ունենանք պատկերը հայկական եռուն կեանքի կեդրոն հանդիսացող քաղաքի մը, որ այս մարզին մէջ գլած անցած է հայկական Պոլիսը` իր ամէնէն փայլուն օրերուն իսկ:
Ճիշդ է, որ բոլոր այս ձեռնարկները, արժէքի տեսակէտէն, նոյն համեմատութիւնը չեն ներկայացներ միշտ: Բայց յաճախ հանդիսատես կ՛ըլլանք ձեռնարկներու, որոնք գնահատելի յաջողութիւններ կ՛արձանագրեն ոչ միայն նիւթական տեսակէտէն, այլ նաեւ` զուտ արուեստի անկիւնէն դիտուած:
Այս վերջին ձեռնարկներու շարքին կը պատկանին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերասէրներու խումբին ներկայացումները, որոնք տասը-տասնհինգ անգամ կը կրկնուին լեցուն սրահներու առջեւ, զանազան երգահանդէսներ ու համերգներ, այլ մանաւանդ` արուեստի ցուցահանդէսներ, որոնք վերջերս կազմակերպուեցան Համազգայինի եւ Միջվարժարանային արուեստի յանձնախումբին կողմէ:
Այս ձեռնարկները երբեմն դուրս կու գան զուտ հայկական միջավայրէն` դառնալու համար լիբանանեան մշակութային կեանքի արտայայտութիւնը հանդիսացող երեւոյթներ, որոնց արձագանգ կը հանդիսանան նաեւ օտար մամուլն ու հեռատեսիլը: Բայց տակաւին մեծ աշխատանք կայ կատարելիք այս ուղղութեամբ, մանաւանդ` հեռատեսիլի բաժնին մէջ: Քարոզչական այս գործիքը, որ կը մտնէ իւրաքանչիւր տունէ ներս, անհրաժեշտ է, որ աւելի լայն տեղ յատկացնէ մեր այն ձեռնարկներուն, որոնք ոչ միայն կը հետաքրքրեն հայութիւնը, այլ նաեւ` մեր տեղացի եղբայրները, որոնք, վստահ ենք, մեծ հաճոյքով պիտի ուզեն ունկնդրել հայկական ժողովրդային երգեր:
Յատկապէս նկատի ունինք տոքթ. Է. Էլմաճեանի կողմէ անցեալ շաբաթ Աւետարանական վարժարանի տուած համերգը, որ շատ գեղեցկօրէն ներկայացուեցաւ հեռատեսիլէն: Կ՛արժէ յաճախակի դարձնել նման ձեռնարկներ եւ հեռատեսիլի միջոցով զանոնք մտցնել բոլոր տուներէն ներս:
Այս առթիւ հարկ է դիտողութիւն մը ընել լիբանանեան հեռատեսիլի երկու կայաններուն, որոնք պէտք եղած կարեւորութեամբ չեն մօտենար հայկական ձեռնարկներուն եւ հայ կեանքի երեւոյթներուն: Առ նուազն իրենց մօտեցումը համապատասխան չէ այս երկրին մէջ հայութեան ներկայացուցած համրանքին ու արժէքին: Կը յուսանք, թէ այս թերացումը հետզհետէ կը շտկուի եւ մեր ձեռնարկները կ՛արժանանան համապատասխան վերաբերումի:
Ամէն պարագայի տակ, հայկական Պէյրութը իր բազմաճիւղ գործունէութեամբ եւ արձանագրած նուաճումներով անգամ մը եւս կու գայ ապացուցանելու, թէ սփիւռքի հայութեան ծանրութեան կեդրոնը փոխադրուած է Լիբանանի մայրաքաղաքը, որ իր բազմաթիւ կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններով կը հանդիսանայ հայութեան մտաւոր եւ հոգեկան ճիգի ամուր կռուանը:

