Մասնագէտներու Կարծիքով. Ուսուցիչներ Կը Մեղադրեն Ծնողները` Դասարաններու Մէջ Տիրող Քաոսին Համար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԴԱՍԱՐԱՆԸ ԽԱՆԳԱՐՈՂ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ՎԱՅՐԱԳ, ԵՒ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ ԻՐԵՆՑ ՇՐՋԱՊԱՏԻՆ ՎՐԱՅ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՄՌԱՅԼ ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐ ՀԱՐՑԻՆ ԱՐՄԱՏԸ ԿԸ ՏԱՆԻ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՆ ՄԷՋ ՕՐԷՆՔԻ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ:

Նոր հրապարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, դպրոցներու մէջ խանգարիչ վարուելակերպը հետզհետէ կը սաստկանայ, որովհետեւ ծնողներ չեն յաջողիր տան մէջ օրէնքներ սահմանել եւ գործադրել:

Բրիտանիոյ Ուսուցիչներու եւ դասախօսներու ընկերակցութեան պատկանող աւելի քան 800 ուսուցիչներու վրայ կատարուած վիճակագրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ զգացական, վարուելակերպի եւ մտային առողջութեան հարցեր դիմագրաւող աշակերտներուն թիւը բարձրացած է վերջին 5 տարիներուն, ինչ որ առաջնորդած է դպրոցներու մէջ կարգապահական չափանիշներու վատթարացումին:

Վիճակագրութեան հարցումներուն պատասխանած 5 ուսուցիչէն 4-ը կը մեղադրէ ծնողները եւ տան մէջ սահմաններու չգոյութիւնը:

Քենթի մէջ նախակրթարանի ուսուցիչ մը կ՛ըսէ, թէ իր քսան տարուան ասպարէզին մէջ այս տարի պարտաւորուած է դիմագրաւել աշակերտներու վարուելակերպի հետ առնչուած ամէնէն ծանր մարտահրաւէրը:

«Ունէի աշակերտ մը, որ չէր հնազանդեր որեւէ օրէնքի. նոյնիսկ խսիրի մը վրայ չէր նստեր` պատմութիւն մը լսելու համար: Մայրը չէր ուզեր ընդունիլ, թէ իր զաւկին վարուելակերպը տարբեր էր այլ մանուկներու վարուելակերպէն», կը պատմէ ան:

Բրիտանիոյ Ուսուցիչներու եւ դասախօսներու ընկերակցութեան  ընդհանուր քարտուղար Մերի Պաուսթըտ կ՛ըսէ. «Ուսուցիչներ եւ կրթական մարզին մէջ ծառայողներ կը կրեն ծանր անդրադարձները վարուելակերպի քայքայուող չափանիշներու: Անոնք յաճախ թիրախ կը դառնան մանուկներուն անձկութեան եւ տխրութեան արտայայտութիւններուն եւ պարտաւոր են դիմագրաւել ընտանեկան յարկէն ներս սահմաններ գծելու ծնողներու ձախողութեան հետեւանքները»:

Վերջերս Լիվըրփուլի մէջ Բրիտանիոյ Ուսուցիչներու եւ դասախօսներու ընկերակցութեան մէկ խորհրդաժողովը ուշադրութեան կեդրոն դարձուցած է առողջապահութեան եւ ապահովութեան տեղեկագիր մը, ուր կը նշուի «աշակերտներու կողմէ դիտումնաւոր կերպով վնաս հասցնելու շարունակուող երեւոյթը` մարտահրաւէր ուղղելու վարուելակերպի դրսեւորումով»:

Վիճակագրութեան մասնակցած ուսուցիչներուն 62 առ հարիւրը ըսած է, թէ զգացական, վարուելակերպի եւ մտային առողջութեան հարցեր դիմագրաւող մանուկներուն թիւը բարձրացած է վերջին երկու տարիներուն: 56 առ հարիւրը ըսած է, թէ այժմ կացութիւնը շատ աւելի վատ է, քան` 5 տարի առաջ:

Ուսուցիչներուն 10-էն 9-ը ըսած է, թէ անցեալ տարի ստիպուած է դիմագրաւել գէթ մէկ աշակերտ, որ մարտահրաւէր կ՛ուղղէր կամ կը խանգարէր շրջապատը: 40 ուսուցիչ ֆիզիքական վնասուածքներ կրած է` յարձակումի ենթարկուելու պատճառով, 67 ուսուցիչ բժիշկի դիմած է եւ 38 ուսուցիչ կարիքը զգացած է արձակուրդ առնելու:

Չեշայրի մէջ նախակրթարանի ուսուցիչ մը կը պատմէ. «Գլուխէս հարուած ստացած եմ, վրաս թքած են, հայհոյական խօսքեր լսած եմ, դասարանս տեւաբար աղբակոյտի վերածուած է եւ իրերը նետուած են ամէն կողմ: Կ՛ընդունինք այլ դպրոցներէ վտարուած աշակերտներ, հետեւաբար անոնք մեր քով կու գան վարուելակերպի ահաւոր հարցերով»:

Ուսուցիչներ նաեւ կը տեղեկացնեն իրենց աշակերտներուն կողմէ համացանցի վրայ բռնացումի մասին: Սթաֆորտշըրի մէջ երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ մը կ՛ըսէ. «Աշակերտները ֆոթոշափով պոռնկագրական պատկերի մը վերածեցին զիս»:

Այլ ուսուցիչ մը կը պատմէ, թէ աշակերտներ Թուիթըրի վրայ ստեղծած էին «Փետօ» անունով հասցէ մը, որ այլոց կը հրաւիրէր իր մասին եւ իր սեռային հակումներուն մասին կարծիքներ յայտնելու:

Կալեսի մէջ այլ ուսուցիչ մը կ՛ըսէ. «Չափազանց մտահոգ եմ մտային առողջութեան հարցերու բազմացումով, ինչպէս` ընկճուածութիւն եւ ինքզինքին վնաս հասցնելու հակամէտութիւն: Զիս կը տագնապեցնէ մասնագէտներու զօրակցութեան բացակայութիւնը. այս զօրակցութիւնը գոյութիւն ունի միայն չափահասներու համար»:

Պաուսթըտ կ՛աւելցնէ. «Տեղական սպասարկութիւններու վերապահուած պիւտճէներու կրճատումը պատճառ դարձած է, որ դպրոցներ յաճախ աշակերտներուն հարցերը դիմագրաւեն առանց արտաքին օգնութեան»:

«Դպրոցներ պարտաւոր են իրենց պաշտօնէութիւնը կանոնաւոր կերպով վարժեցնելու վարուելակերպի եւ մտային առողջութեան հարցեր դիմագրաւելու, ուսուցիչներուն ներշնչելու ինքնավստահութիւն` մարտահրաւէր ուղղող աշակերտներու հետ վարուելու», կը նշէ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES